Երկօրեայ պաշտօնական այցելութեան համար Աթէնք ժամանեց Ֆրանսայի վարչապետ պրն. Միշէլ Տըպրէ, ընկերակցութեամբ արտաքին գործոց նախարար պրն. Քուվ Տը Միւրվիլի: Օդանաւակայանին մէջ հիւրերը ընդունուեցան վարչապետ պրն. Գարամանլիսի, արտաքին գործոց նախարար պրն. Ավերոֆի, վարչապետարանի նախարար պրն. Ցացոսի եւ Ֆրանսայի գործակատարին կողմէ:

Վերջերս, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջաբակին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային Ծաղկոց-Նախակրթարանի ամավերջի  հանդէսը, ի ներկայութեան՝ հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Ղուկաս Ա. քհնյ. Ֆիլիսեանի, Ազգ. Իշխանութեան, Կրթական յանձնախումբի, Հ. Գթ. Խաչի Շրջանային եւ տեղական վարչութիւններու, Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Ադամեան» թատերասիրացի, Երիտասարդաց Միութեան վարչական կազմերուն եւ մեծ թիւով ծնողներու եւ կրթասէր երկսեռ հայրենակիցներու: Ազգ. Իշխանութեան ատենապետ ընկ. Ռուբէն Գալֆայեան հակիրճ խօսքերով բանալով հանդէսը՝ վեր առաւ այն կարեւոր դերը, որ վերապահուած է դպրոցին, ազգապահպանման մեր պայքարին մէջ: Ապա իր գնահատանքը յայտնեց ուսուցչուհի տիկ. Մերի Մանուկեանի կատարած աշխատանքին համար եւ իր երախտագիտութիւնը Հայ Գթութեան Խաչին, որուն նիւթական օժանդակութեան շնորհիւ, կը գործէ վարժարանը, եւ տիկին Արմենուհի Աբելեանին, որ հակառակ իր բազմազբաղ վիճակին, անձնուիրաբար ստանձնեց օգնական ուսուցչուհիի պաշտօնը, որ  կատարեց այնքան արդիւնաւոր կերպով: Ապա ուսուցչուհի տիկին Մերի Մանուկեան կարդաց խնամուած տեղեկագիր մը դպրոցական տարեշրջանին տար-ւած աշխատանքներու մասին: Տեղեկագրէն իմացանք որ, արձանագրուած 58 աշակերտներէն 50-ը կանոնաւոր կերպով հետեւած են դասաւանդութեանց եւ արձանագրած՝ զգալի յառաջդիմութիւն: Իր երախտագիտութիւնն ու  շնորհակալութիւնները յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին հայ փոքրիկներու տոհմային դաստիարակութեան նուիրական գործին: Գործադրուեցաւ խնամուած յայտագիր մը, մանկական սիրուն արտասանութիւններով, տրամախօսութիւններով, երգերով եւ հայկական պարերով: Կրթական յանձնախումբին կողմէ ընկ. Լ. Ճլկունի պատմականը ընելով Ծաղկոց-Նախակրթարանի հիմնումին, շեշտեց թէ ինչ որ կատարուած է եւ կը կատարուի արդիւնք է զոհողութեանց:

Նորվեկիոյ դեսպան պրն. Անքէր եւ Նորվեկիական բարեսիրական մեծ կազմակերպութեան մը ներկայացուցիչները՝ պրն. Հալ Վոլսէն եւ Վ. Պոէ խնամատարական նախարարութեան ընդհ. քարտուղար պ. Ռիքաքիսին ներկայանալով յայտնած են թէ՝ նորվեկիացի մեծանուն երկրախոյզ եւ քաղաքագէտ Նանսէնի ծննդեան հարիւրամեակին առթիւ, յիշեալ բարեսիրական միութիւնը կը փափաքի Թեսաղոնիկէի մէջ 50 սենեակներէ բաղկացած ծերանոց մը հիմնել հայերու համար: Պ. Ռիքաքիս շնորհակալութիւն յայտնած է մատուցման համար եւ ըսած թէ՝ նախարարութիւնը համաձայն է շինութեան:

Տըպլինէն (Իրլանտա) կը հաղորդեն թէ՝ Հաւատոյ Տարածման Ս. ժողովի նախագահը՝ կարտինալ Գրիգոր-Պետրոս Աղաճանեան, շքախումբով Հռոմէն հասած է Իրլանտայի Տըպլին քաղաքը, նախագահելու համար Իրլանտայի «Սուրբ-Պատրիկ» շաբաթուան տօնակատարութեանց, իբրեւ Պապին փոխանձն նուիրակը: Ընկերացող ութ կարտինալներ եւ բազմաթիւ եպիսկոպոսներ մասնաւոր փայլ մը կուտան այս հանդիսութեանց: Սուրբ-Պատրիկ Իրլանտայի առաքեալն է, որ վախճանած է Արմաղ (Իրլանտա) 461-ին, ներկայիս կը տօնուի Ս. Պատրիկի մահուան 1500-ամեակը: Ամէն օր դասախօսութիւններ եւ մասնաւոր հանդիսութիւններ կÿոգեկոչեն այդ տարեդարձը: Կիրակի օր, հանդիսութիւնները պիտի փակուին պատարագով մը՝ զոր պիտի մատուցանէ Պապին փոխանձն-նուիրակը՝ հայ կաթողիկէ կաթողիկոս-պատրիարք կարտինալ Աղաճանեան: Հազարաւոր ուխտաւորներ եկած են Իրլանտայի ամէն կողմերէն, մասնակցելու համար այս բացառիկ տօնակատարութեանց: Յիշատակելի արարողութեան մը ընթացքին, ծիրանաւոր-պատրիարքը օծած է Տըպլինի նաւահանգիստին այն տեղը, ուր պիտի կանգնի Նոթր Տամ տը Լա Մեռի մէկ հսկայ արձանը:

Պոլսոյ հայոց պատրիարքին մահուան գոյժը հաղորդուած է Էջմիածին, Անթիլիաս եւ Երուսաղէմ: Յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուելու համար հրաւէր ուղղուած է Տիրան արք. Ներսոյեանի (Նիւ Եորք), Մամբրէ արք. Սիրունեանի (Գահիրէ), Սերոբէ եպս. Մանուկեանի (Փարիզ), Պսակ եպս. Թումայեանի (Լոնտոն): Պատրիարքարանի մայր դուռը փակուած է սեւ վարագոյրներով:

Տուրղութիի Ազգային Միացեալ վարժարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Յունիս 25-ի Կիրակին, կ. ե. ժամը 7:30-ին, վարժարանի բակին մէջ, ի ներկայութեան՝ յոգնախուռն բազմութեան մը: