Օգոստոսի սկիզբը, տեղի ունեցաւ Հ. Կ. Խաչի Տրոսիայի աշակերտական կազդուրման կայանի բացման հանդիսութիւնը, մասնակցութեամբ չորս հարիւրի մօտ երկսեռ բազմութեան մը: Հանդիսութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին՝ առաջնորդ սրբազան հայրը, բոլոր կղերականներով, Ազգային Կեդրոնական վարչութիւնը, Տնտեսական եւ կրթական խորհուրդներու անդամները, թաղային խորհուրդներու անդամները, ինչպէս նաեւ բոլոր միութեանց եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները:

Հանդիսութիւնը բացուեցաւ առաջնորդ սրբազան հօր՝ գերշ. Տ. Սահակ եպիսկոպոսի աղօթքով, որմէ յետոյ, կայանի փոքրիկներուն կողմէ գործադրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը.- Խմբերգներ, արտասանութիւններ եւ հայերէն ու յունարէն երկու սքէչեր: Նկատելի էր ներկայութիւնը Ֆրանսայէն Յունաստան ժամանած տասնեակ մը հայ զբօսաշրջիկներու, որոնք հետաքրքրութեամբ հետեւեցան յայտագրի գործադրութեան: Հ. Կ. Խաչի Շրջանային վարչութեան կողմէ խօսք առաւ տիկ. Նուարդ Պէօրէքճեան, որ սահուն հայերէնով եւ զգայուն շեշտով վեր առաւ ընդհանրապէս մօր եւ մանաւանդ հայ մօր տարած նախախնամական դերը մարդակերտման եւ հայակերտման սրբազան գործին մէջ: Գնահատեց հայ Խաչուհիներու եւ հայ հասարակութեան զոհաբերութեան ոգին, որուն շնորհիւ կարելի կÿըլլայ զարկ տալ կրթական եւ բարեսիրական գործին եւ գլուխ հանել կազդուրման կայաններու մեծածախս եւ պատասխանատու ձեռնարկները:  Ան շնորհակալութիւն յայտնեց հելլէն խնամատարական նախարարութեան, հելլէն Կարմիր Խաչին, Հաուըրտ Գարակէօզեան հաստատութեան եւ մեր զոհաբերող ազգակիցներուն, որոնց նիւթական եւ բարոյական աջակցութեան շնորհիւ, կարելի կըլլայ ամէն տարի կազմակերպել կազդուրման կայանը: Ընկ. Պէօրէքճեանի խօսքէն ետք, ներկաներուն կողմէ ի նպաստ կայանին, եղան նուիրատուութիւններ, որոնցմէ գոյացաւ կոկիկ գումար մը: Մօտաւորապէս 180 հայ փոքրիկներ այս տարի պիտի օգտուին կազդուրման կայանէն: