Տաթեւի ջրելեկտրակայանը մէկն է Զանգեզուրի Որոտան գետին վրայ շինուելիք եօթը ջրելեկտրակայաններէն, որոնց երեքը՝ Ատրպէյճանի սահմաններուն վրայ: Տաթեւի ջրելեկտրակայանը պիտի ըլլայ ամէնէն մեծը՝ երեսուն քիլոմեթր երկարութիւն ունեցող շինութիւններով: Ջուրը դէպի կայանի փոթորակները (թիւրպին) պիտի հասնի վեց հարիւր մեթր բարձրութենէ մը՝ երկու քիլոմեթր երկարութեամբ ջրմուղով:
Վերջերս, Երեւանի մէջ բացումը կատարուած է ուսուցիչներու յատուկ՝ գիտական գիտելիքներու համալսարանի մը: Այս համալսարանին նպատակն է՝ ուսուցիչներուն ծանօթացնել գիտական եւ թեքնիկ նորագոյն գիւտերը եւ ձեւերը՝ բարձրացնելու համար անոնց մասնագիտական մակարդակը: Համալսարանը ոնի բնագիտական-ուսողական ճիւղ՝ թուաբանութեան, բնագիտութեան եւ թեքնիկ գիտութիւններու բաժիններով. քիմիակենսաբանական ճիւղ՝ բնալուծութեան եւ կենսաբանական բաժիններով. պատմա-աշխարհագրական ճիւղ՝ պատմութեան եւ աշխարհագրութեան բաժիններով, լեզուագրական ճիւղ՝ լեզուի եւ գրականութեան բաժիններով եւ վերջապէս՝ մանկավարժութեան եւ հոգեբանութեան ճիւղ՝ տարրական դասարաններու ուսուցիչներուն համար:
Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է լուսանկարչական ցուցահանդէս մը՝ որուն մասնակցած եւ մրցանակներ ստացած են հայ լուսանկարիչներ: «Ճարտարապետին վկայականը» նկարին համար Գ. աստիճանի մրցանակ առած է Երեւանցի Գ. Գրիգորէվ, իսկ մասնագիտական վարպետութեան համար՝ Վրոյր Ամալեան, որուն «Ջերմուկի մատանի սարը» գունաւոր լուսանկարը արժանացած է այցելուներու գնահատանքին: