Ամերիկահայ լուսանկարչուհի Ատրինէ Օհաննէսեան լուսանկարչական շարք մը հրապարակեց, պատմելով թէ հարաւային սուտանցիները ինչպէ՞ս կ'ապրին  քարանձաւերուն մէջ, օդային յարձակումներէ խուսափելու համար։

Պրիւքսելի մէջ այսօր կը գումարուի ՆԱԹՕ-ի անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու երկօրեայ հանդիպումը: Օրակարգային թեմաներուն մաս կը կազմէ Աֆղանիստանի մէջ տիրող իրադրութիւնը:

Վատիկանի մէջ Պենետիքթոս 16-րդ  Պապին նախագահութեամբ բացումը կատարուեցաւ կաթոլիկ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց համաժողովին: Քննարկումի նիւթն է «Նոր Աւետարանչութիւն՝ ի խնդիր քրիստոնէա- կան հաւատքի տարածման»:

Հայաբնակ  Թաղամասերը՝
Համեմատաբար  Հանդարտ

Հալէպի թաղամասերուն մէջ բախումները կը շարունակուին, սակայն հայաբնակ թաղամասերուն մէջ իրավիճակը լարուած ըլլալով հանդերձ՝  համեմատաբար աւելի հանդարտ է: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն Հալէպի  գործընկերները:

ԼԻԲԱՆԱՆ - «Պատկանելիութիւն» թեմայով խորհրդաժողով Զմմառու վանքին մէջ

Սեպտեմբերի վերջաւորութեան, Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարանի Գէորգ Հարպոյեան եւ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարաններու տնօրէնութիւնները, վարչական պաշտօնէութիւնը եւ բաժանմունքներու պատասխանատուները Զմմառու վանքին մէջ մասնակցեցան «Պատկանելիութիւն»ը թեմայով համագումարին: