ԾԱՅՐ ԱՍՏԻՃԱՆ ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ
ՆԱԹՕ՝ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻ
Թուրքիոյ Շանլըուրֆա շրջանի Ակչաքալէ բնակավայրէն ներս սուրիական կողմէն արձակուած ռումբի հետեւանքները անմիջական ու շարունակական բնոյթ ստացան՝ Թուրքիոյ հակադարձութեամբ:
Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթի հաղորդմամբ՝ սպաննուած է մայր մը իր չորս զաւակներով եւ վիրաւորուած են 13 հոգ
ի:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու երէկ արտակարգ նիստ հրաւիրեց, ինչպէս նաեւ Անգարա պաշտօնապէս տեղեկացուց ՄԱԿը եւ Արաբական երկիրներու լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ բանագնաց Լահտար Պրահիմին, իր դէմ գործուած յարձակումին գծով:
Թրքական հակադարձութիւնը արագ էր. թրքական բանակը ռմբակոծեց Թել Ապիանտի շրջանը, որ սուրիական սահմանէն ներս 10 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի: Ռմբակոծումները շարունակուեցան մինչեւ այսօր առաւօտեան ժամերուն, եւ ըստ թրքական լրատուամիջոցներու՝ սպաննուած են սուրիացի զինուորներ:
Երէկ ուշ գիշեր Պրիւքսելի ՆԱԹՕի գրասենեակին մէջ հաւաքուեցան ՆԱԹՕի 28 անդամ-երկիրներու դեսպանները եւ քննարկեցին Սուրիոյ հետ սահմանամերձ թրքական գիւղի ռմբակոծման հարցը: Անոնք քննադատեցին Սուրիոյ յարձակումը, նշելով թէ «խոր մտահոգիչ եւ խստօրէն քննադատելի» արարք էր: ՆԱԹՕ պահանջեց Թուրքիոյ դէմ յարձակումներու անյապաղ դադրեցումը, աւելցնելով թէ «յստակ եւ շարունակական վտանգ կը սպառնայ ՆԱԹՕի երկիրներու ապահովութեան»:
Խօսք չէ եղած ՆԱԹՕի պաշտպանութեան համաձայնագրի թիւ 5 յօդուածին շուրջ, ուր կը նախատեսուի թէ մէկ անդամ երկրի դէմ յարձակումը՝ բոլորի դէմ յարձակում պէտք է սեպել:
Հալէպի մէջ կառավարական ուժերուն կողմէ վերահսկուող շրջաններէն ներս չորս պայթիւններու հետեւանքով՝ 40 հոգի սպաննուած է եւ վիրաւորուած՝ աւելի քան 90 մարդ:
Reuters կը հաղորդէ թէ պայթիւնները յառաջացած են Սաատալա ալ Ջապիրի հրապարակին վրայ, մի քանի վայրկեաններու մէջ:
Սուրիոյ պետական կայանը հաղորդեց որ անվտանգութեան ուժերուն կողմէ սպաննուած են զինուորական համազգեստ հագած երեք անձեր, որոնց վրայ ամրացուած էր պայթուցիկ նիւթը:
Ըստ «Ազդակ»ի հաղորդման, երէկ գիշեր հեռաձայնային կապ պահուած է Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, որ անդրադարձած է երէկ Հալէպը ցնցած ահաբեկչական ականահարումներուն:
«Բարեբախտաբար մինչեւ այս պահը ոչ մէկ հայ զոհի մասին տեղեկութիւն հասած է մեզի, բայց տակաւին վերջնական վաւերական պատկեր չկայ վիրաւորներու կամ զոհերու ինքնութեան մասին», ըսաւ Ժիրայր Ռէյիսեան‘ նշելով, որ մինչեւ գիշերուան ժամը 10:00 վիրաւորներուն թիւը 120-էն վեր էր արդէն, իսկ զոհերու պարագային տարբեր լրատուամիջոցներ տարբեր թիւեր կու տան, որոնք կը տարուբերին 35-էն 40-ի միջեւ:
Ռէյիսեան նաեւ հաղորդեց, որ երէկ յետմիջօրէին Հալէպի օդակայանէն քաղաք ճամբուն վրայ քանի մը ինքնաշարժներ ենթարկուեցան անակնկալ կրակոցի, որուն ընթացքին վիրաւորուեցաւ հայ երիտասարդ մը, որ հիւանդանոց փոխադրուելով անմիջապէս բժշկական խնամքի տակ առնուեցաւ: Ըստ բժշկական աղբիւրներուն, հայ վիրաւորին վիճակը մտահոգիչ չէ: