ԼԻԲԱՆԱՆ - «Պատկանելիութիւն» թեմայով խորհրդաժողով Զմմառու վանքին մէջ
Սեպտեմբերի վերջաւորութեան, Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարանի Գէորգ Հարպոյեան եւ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարաններու տնօրէնութիւնները, վարչական պաշտօնէութիւնը եւ բաժանմունքներու պատասխանատուները Զմմառու վանքին մէջ մասնակցեցան «Պատկանելիութիւն»ը թեմայով համագումարին:
Առաւօտեան պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց գերյարգելի հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Եղիայեան: Իր պատգամին մէջ, գերյարգելին մաղթեց, որ 2012-2013 տարեշրջանը կրթական, ազգային եւ հոգեւոր առումով ծառայէ իր առաքելութեան:
Պատարագէն ետք, համագումարի առաջին զեկուցումը փոխանցեց գերյարգելի հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեան, որ ներկայացուց Հայ դպրոցի պատկանելիութեան կարեւոր կռուանները, եւ շեշտեց, որ ընտանիքին, եկեղեցւոյ, կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն կողքին հայ դպրոցը ունի հայկական եւ հոգեւոր պատկանելիութեան պահպանման գծով իր կարեւոր դերակատարութիւնը: Հայր Կռանեան ըսաւ. «Հայ դպրոցը հայապահպանութեան բնօրրանն է, հայ աշակերտին մէջ հայ մնալու սերմը ցանող լաւագոյն դարբնոցն է»:
Օրուան երկրորդ զեկուցաբեր գերյարգելի հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Եղիայեան «Պատկանելիութիւն» բառին ամբողջական իմաստն ու հասկացողութիւնը ներկայացնելէ ետք, յայտնեց, որ հայ կաթողիկէ վարժարանը ունի հայկական պատկանելիութիւն՝ որպէս ազգային կրթութիւն, քրիստոնէութիւնը՝ որպէս հոգեւոր կրթութիւն եւ Լիբանանին ծառայութիւնը՝ որպէս քաղաքացիական պարտականութիւն:
Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ - Մասնակցութիւն կուրծքի քաղցկեղի դարման
գտնելու ջանքերուն ի նպաստ նուիրահաւաքին
Կլենտէյլի Սուրբ Պետրոս Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վազգէն քհնյ. Մովսէսեանի կազմակերպութեամբ, խումբ մը հաւատացեալներ միացան մի քանի հազար հոգիներու, որոնք Սանթա Պարպարայի մէջ Սեպտեմբեր 22ին եւ 23ին՝ 39 մղոն քայլարշաւ կատարեցին կուրծքի քաղցկեղի դարման մը գտնելու աշխատանքներուն ի նպաստ նուիրահաւաք կատարելու համար:
Այս քայլարշաւը կազմակերպուած էր «In Her Shoes» խումբին կողմէ եւ կ՛առաջնորդուէր Անուշ Ավեճիքի կողմէ, որ երկու անգամ կուրծքի քաղցկեղէ վերապրեցաւ: Ան մասնակիցներուն ներշնչիչ պատմութիւններ կը պատմէր հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ մասին՝ նկատի ունենալով իր ունեցած փորձառութիւնները եւ հաւատքի պահպանումը: Անցնող մի քանի ամիսներու ընթացքին կարելի էր տեսնել խումբին անդամները, որոնք մարզումներու հետեւեցան այս իրագործումին հասնելու համար:
Իւրաքանչիւր մասնակիցէն կը պահանջուէր հանգանակել նուազագոյն 1800 տոլար: Միասնաբար աւելի քան 4.7 միլիոն տոլար հաւաքուած էր կուրծքի քաղցկեղի հետազօտութեան համար: Արարողութեան աւարտին «Avon»ի խօսնակը յայտարարեց, որ գումարներուն բաժանումը պիտի կատարուէր հիւանդանոցներուն եւ շրջանի հետազօտական կեդրոններուն: