Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Սուրիոյ մէջ ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութեանց  երաշխաւոր կը նկատուի»:

Հոկտեմբեր 4-ին, համայնքապետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան  պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան Խորհրդարան եւ ընդունուեցաւ նախագահ Ճիհատ Լահհամի կողմէ:

«Սքոփիա  Մարտ ամսուն արգիլեց Ատրպէյճանի քաղաքացիներու մուտքը  Սքոփիայի տարածք» կ'ըսէ երկրի պատուոյ հիւպատոսը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Սքոփիա (FYROM) պատրաստ է ճանչնալու  Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, եթէ նման հարց ծագի, յայտնեց Ռուսիոյ Աշխարհաքաղաքական հետազօտութիւններու ակադեմիայի փոխ նախագահ Արայիկ Սարգսեանը՝ լրագրողներու  հետ ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին։

Բեռը  կշռած  է  1  թոն  800  քիլօ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնող խումբի անդամ Վահան Յովհաննիսեան յայտնեց, որ նախանցեալ օր երեկոյեան «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութեան երկրորդ օդանաւը հասաւ Սուրիա: Այս անգամ թռիչքը իրականացաւ «Սիրիըն Էրլայնզ ընկերութեան» օգնութեամբ:

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- 23 Հոկտեմբերին Չեխիոյ   խորհրդարանի արտաքին գործոց, պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան կոմիտէն՝ կոմիտէի նախագահ  Եոզեֆ Ռեկեցի նախագահութեամբ, միաձայնութեամբ ընդունած է ծերակուտական Եարոմի Շտետինայի հեղինակած բանաձեւը,