ԵՐԿՈՒ ՀԱՅ՝ ԶՈՀՈՒԱԾ
ՓՈՔՐԻԿ ՄԸ՝ ԾԱՆՐ ՎԻՐԱՒՈՐ
Այսօր կանուխ առաւօտուն «Ազատ Օր»ի խմբագրութեան հասած լուրերուն համաձայն՝ ծանր ռմբակոծումներու ենթարկուած են երէկ գիշեր Հալէպի հայկական թաղամասերը:
Գիշերուայ ժամը 22:30էն սկսեալ՝ յատկապէս Նոր Գիւղի թաղաշրջանը ծանր ռմբակոծումներու ենթարկուեցաւ, «Հաուն» հրթիռներու օգտագործումով: Հրթիռներէն մէկը հարուածեց Սուլէյմանէյի շրջանը, իսկ երկրորդ մը ճեմարանի շրջանին մէջ գտնուող «Զաւարեան» դպրոցին մօտակայ թաղը, հայ ընտանիքի մը տան փլուզման պատճառ դառնալով: Զոհուեցան Յասմիկ Կիրակոսեանը եւ Պարսում Պարսումեանը: Ընտանիքի երեխան ծանրօրէն վիրաւորուած՝ հիւանդանոց փոխադրուեցաւ: Վիրաւորներու թիւը անյստակ է:
Հայկական թաղաշրջաններուն հսկող յանձնախումբերը կը զգուշացնեն թիպուկահարներու վտանգէն:
«Դաշնակցութիւնը Սուրիահայերուն Մեծ Օգնութիւն Ցուցաբերած է եւ Կը Շարունակէ Ցուցաբերել» ՀՀ Սփիւռքի Նախարար
Սուրիական հակամարտութեան ընթացքին զոհուած է 32 հայ, որուն եօթը զինուոր: Երէկ այս յայտարարութեամբ ՀՀ Ազգային Ժողովին մէջ յայտարարած է ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանյ:
Զոհուածներէն հինգը կին են, 26-ը՝ տղամարդ, մէկ երեխայ: Հինգը զոհուած են Դամասկոսի մէջ, 19-ը՝ Հալէպի, մէկը՝ Տէր-Զօրի, մէկը՝ Հասիչէի, երկուքը՝ Հոմսի մէջ:
News.am կը հաղորդէ թէ Հրանուշ Յակոբեանի տեղեկութիւններով՝ Սուրիոյ մէջ ներկայիս դեռ իրավիճակը ծանր է, Հալէպ մուտք գործած է 15.000-նոց կառավարական զօրք, հակառակ կողմը տուած է մօտ 300 զոհ: Պայթումներուն հետեւանքով զոհուած է աւելի քան 30 քաղաքացի, որոնց մէջ հայեր չկան:
Իր հերթին, ԱԺ պատգամաւոր Սամուէլ Ֆարմանեան առաջարկած է պատգամաւորներու Հոկտեմբերի աշխատավարձը փոխանցել սուրիահայերու օգնութեան ֆոնտին: ԱԺ նախագահի տեղակալ Էդուարդ Շարմազանով յայտարարած է, որ «Հանրապետութիւն» խմբակցութիւնը արդէն որոշում կայացուցած է աշխատավարձերու մէկ մասը փոխանցելու սուրիահայերու օգնութեան ֆոնտին: Ի լրումն՝ Հրանուշ Յակոբեան տեղեկացուցած է, որ սուրիահայերուն մեծ օգնութիւն ցուցաբերած է Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, որ ե՛ւ բեռնատարեր ուղարկած է Սուրիա, ե՛ւ տեղւոյն վրայ մեծ աշխատանք կը տանի:
ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան բացատրած է թէ Սուրիոյ մէջ ձեւաւորուած է միասնական կառոյց, որ կը զբաղի ամբողջ հայ համանքին գործերով: Այդ կառոյցը կը միաւորէ սուրիահայ բոլոր կազմակերպութիւնները: Յատկանշական է, որ սուրիահայութեան վերաբերեալ բոլոր տեղեկատուութիւնները համայնքին անունով կը տրամադրուի միայն Առաջնորդարանին կից մամուլի ծառայութեան կողմէ: