Հունգարիոյ իշխանութիւնները ամէն առիթով կը փորձեն հաւաստիացնել թէ ատրպէյճանցի մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի արտայանձնումէն  ետք՝  Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հունգարիոյ միջեւ խզուած դիւանագիտական յարաբերութիւնները՝  ի գին ամէն զոհողութեան կ'ուզեն վերականգնած տեսնել:

Պերլինի մէջ, Ի. դարու սկիզբին Օսմանեան կայսրութեան մէջ ցեղասպանուած աւելի քան 3,5 միլիոն քրիստոնեաներու յիշատակին՝ էքիւմէնիք յուշահամալիր մը պիտի կառուցուի:

Երկուշաբթի 15 Հոկտեմբեր 2012-ի առաւօտուն, աւելի քան ժամ մը հանդիպում տեղի ունեցաւ Վեհափառ հայրապետին եւ Լիբանանի մօտ Յունաստանի դեսպանուհի Գաթրինա Պուրային միջեւ:

Արեւմտահայերէնի Պաշտպանութեան Յանձնաժողովի Լիբանանի անդամները Հոկտեմբեր 3-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ գումարած նիստին ընթացքին առին հետեւեալ որոշումները.-

Թէեւ տակաւին պայթումներու եւ հրացանաձգութեան ձայներ յստակօրէն կը լսուին Հալէպի ծայրամասերէն, սակայն քաղաքի կեդրոնական թաղամասերուն մէջ, ուր քրիստոնեաներ եւ հայեր կը բնակին, քանի մը օրէ ի վեր կը շարունակէ տիրել հանդարտ մթնոլորտ: