Ամերիկահայ լուսանկարչուհի Ատրինէ Օհաննէսեան լուսանկարչական շարք մը հրապարակեց, պատմելով թէ հարաւային սուտանցիները ինչպէ՞ս կ'ապրին  քարանձաւերուն մէջ, օդային յարձակումներէ խուսափելու համար։

 

Սուտանի Քասալա շրջանին մէջ Հոկտեմբեր 2010

 

 






Օհաննէսեանի լուսանկարներու շարքը, որ լոյս տեսաւ բրիտանական «Տը Կարտիան» թերթի մէջ, կը ներկայացնէ սուտանական Տէս գիւղի լեռներու վրայ ապրող երեխաներն ու անոնց կենսակերպը։ Ան աշխատած է Կորան Դոմաշեւիչի հետ:
Ատրինէն ծնած եւ ուսանած է Նիւ Եորքի մէջ։ Ան ունի մարդաբանական կրթութիւն, 2010-ին նաեւ ուսանած է լրատուական լուսանկարչութիւն: Այժմ կը բնակի եւ կ’աշխատի Հարաւային Սուտանի մէջ՝ Եուպայ:

 

 



Ատրինէ Օհաննէսեան  Հարաւային Սուտան գործուղուեցաւ նաեւ UNICEF-ին կողմէ  նկարելու համար ժողովուրդի յառաջդիմութիւնը կրթութեան, սնունդի եւ առողջապահութեան ծիրէն ներս։