Եւրոպական Խորհրդարանի մէջ դատապարտուած է Ատրպէյճանը.
ըսուած է թէ Ատրպէյճան եւրոպական արժէքները ծիծաղի առարկայ կը դարձնէ
Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 4ի նիստին ընթացքին տեղի ունեցած ատրպէյճանցի ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովի արտայանձնման առնչուող քննարկումները՝առիթ հանդիսացած են, որ ԵԽԽՎ պատուիրակները կոչ ուղղեն կազմակերպութեան՝ ատրպէյճանական-հունգարական այս խայտառակ գործարքին դէմ յստակ եւ գործօն քայլերու ձեռնարկելու:
ԵԽԽՎի մէջ հայկական պատուիրակութեան անդամ Նայիրա Զոհրաբեանը յայտնած է, որ հարցին մասին ելոյթ ունեցող բոլոր պատուիրակները՝ ի բացառութիւն ատրպէյճանական պատուիրակութեան եւ թուրք պատգամաւորի մը, Սաֆարովի արտայանձնումը նկատած են խայտառակ ու գայթակղեցուցիչ քայլ:
«Քննարկումները բաւականին բուռն էին. ատրպէյճանցիները ելոյթների համար հերթագրուել էին ողջ կազմով: Նրանք կրկին փորձում էին իրենց սուտը տարածել այդ ամպիոնից», նշած է Զոհրաբեան: Ան մէջբերած է ֆրանսացի պատուիրակներէն մէկուն խօսքը, որուն մէջ ընդգծուած է, թէ նման քայլ առնող Ատրպէյճանի նման երկիր մը իսկապէս իրաւունք չունի Եւրոպական խորհուրդի անդամ ըլլալու:
ԵԽԽՎ պատուիրակներէն շատերը ընդգծած են, որ Ատրպէյճանը եւրոպական արժէքները ծիծաղի առարկայ կը դարձնէ, նոյնիսկ Վեհաժողովի որոշ պատուիրակները «կը գնէ»։ Իր ելոյթին մէջ Զոհրաբեան շեշտած է, որ դրամով մարդ ու մրցանակ գնելու Ա-տըրպէյճանի քաղաքականութիւնը երկար կեանք չի կրնար ունենալ։
Քննարկման ընթացքին հայկական պատուիրակութեան կազմէն ելոյթ ունեցած են նաեւ պատուիրակութեան ղեկավար Դաւիթ Յարութիւնեանը, Արմէն Ռուստամեանը, Լեւոն Զուրաբեանը, որոնք նոյնպէս ընդգծած են Եւրոպական խորհուրդին կողմէ Սաֆարովի արտայանձնման դատապարտման եւ ապա նաեւ գործօն քայլերու ձեռնարկման անհրաժեշտութիւնը: