Վատիկանի մէջ Պենետիքթոս 16-րդ  Պապին նախագահութեամբ բացումը կատարուեցաւ կաթոլիկ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց համաժողովին: Քննարկումի նիւթն է «Նոր Աւետարանչութիւն՝ ի խնդիր քրիստոնէա- կան հաւատքի տարածման»:


Այսօր առաւօտուն սկսած ժողովին պիտի երկարի  երեք շաբաթներու վրայ, եւ կաթոլիկ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսները վերոյիշեալ նիւթը պիտի քննարկեն եւ համապատասխան որոշումներ պիտի առնեն:
Յանուն  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին յիշեալ համաժողովին իր մասնակցութիւնը կը  բերէ  Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց բաժանմունքի փոխ վարիչ Հոգշ. Տ. Մասիս վրդ. Զօպույեանը: