ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին զէնքի առեւտուրի ու վաճառքի կապակցութեամբ կարգ մը յայտարարութիւններ ըրաւ։

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Անատոլուի զանազան վայրերու մէջ մնացած հայկական եկեղեցիները հետզհետէ օրակարգի նիւթ դառնալու սկսած են, եւ յայտնի է, որ հետզհետէ կը ստեղծուի այդ հնութիւնները պահել-պահպանելու տրամադրութիւն մը, որ նախապէս չկար կամ թաքուն կը պահուէր։

Արեւմտահայ լեզուի, հայ գրականութեան եւ հայոց պատմութեան պատրաստուած եւ կարող ուսուցիչ-ուսուցչուհի գտնելը, տարուէ տարի, Սփիւռքի հայկական վարժարաններուն համար, կը վերածուի պարտականութեան մը, որ շատ դժուար է իրագործելը, եթէ ոչ անկարելի:

Սուրիական Կարմիր մահիկը սկսաւ Հալէպի բնակիչներուն բաժնել Հայաստանէն ուղարկուած մարդասիրական օգնութիւնը:

«Անթիլիասի   Դպրեվանքը Կազմաւորման   Հնոց   Է» Շեշտեց  Արամ  Ա.  Կաթողիկոս

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի 83-րդ ուսումնական տարեշրջանի բացումը տեղի ունեցաւ  անցեալ Կիրակի, 14 Հոկտեմբեր 2012-ին, հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած սուրբ եւ անմահ պատարագով, որուն ընթացքին սաներ սուրբ հաղորդութիւն ստացան: