Սուրիահայ Համայնքին Օգնելու Ծաւալները Կը Մեծնան

«Օգնէ եղբօրդ» կոչը երթալով աւելի  մեծ  արձագանգ կը ստանայ մեր հասարակութեան,  գործարարներու, հայրենի մտաւորականութեան շրջանակէն ներս: Այս մասին կը յայտնէ  “Օգնիր եղբօրդ” քաղաքացիական նախաձեռնութեան մամլոյ բաժինը:

Երէկ Հոկտեմբեր 1ին Վրաստանի մէջ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Քուէաթերթիկները վրացերէն, հայերէն եւ ատրպէյճաներէն էին։ Քուէներու համրանքը կը շարունակուի:
Նախնական տուեալներու հիմամբ՝ ընդդիմութիւնը առաջնակարգ դիրքերու վրայ է:

Ծանր վիճակ կը տիրէ Հալէպի հայկական շրջաններէն ներս

«Ազատ Օր»ի խմբագրութեան այսօր առաւօտուն հասած լուրերու հիմամբ՝ ծանր վիճակ կը տիրէ Հալէպի հայկական շրջաններէն ներս: Երէկ, ամբողջ գիշերը, Բերիոյ թեմի առաջնորդարանի շրջանէն ներս ծանր հարուածներ հասցուած են:

Ըստ թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահը թուրք վարչապետ Էրտողանի կողմէ պաշտօնապէս Թուրքիա հրաւիրուած է, եւ ամենայն հաւանականութեամբ՝ այդ այցելութիւնը տեղի կ'ունենայ 2013 Փետրուար կամ Մարտ ամսուն:

ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՒԱԾ Է 20 ՀԱԶԱՐ ՔԱՌ. ՄԵԹՐ ՀՈՂ