Թէեւ տակաւին պայթումներու եւ հրացանաձգութեան ձայներ յստակօրէն կը լսուին Հալէպի ծայրամասերէն, սակայն քաղաքի կեդրոնական թաղամասերուն մէջ, ուր քրիստոնեաներ եւ հայեր կը բնակին, քանի մը օրէ ի վեր կը շարունակէ տիրել հանդարտ մթնոլորտ:
Հայ Մը Եւս Կը Սպաննուի
Ազգային Առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանը «Ազդակ»ին խօսելով յայտնած է թէ արձակազէնի մը փամփուշտէն զոհ գնաց շուրջ 43 տարեկան Մինաս Սազեանը, որ Արղուպի շրջանին մէջ գտնուող իր գործատեղիին վիճակը ստուգելու գացած էր: Արղուպի շրջանը վերջերս կը գտնուէր ընդդիմադիր ուժերու հակակշիռին տակ, սակայն անցնող օրերուն սուրիական բանակի հակայարձակումէն ետք ներկայիս անիկա կը գտնուի բանակի վերահսկողութեան տակ:
Ժիրայր Ռէյիսեան նշած է, որ կրակոցներու ձայներ կը լսուին ծայրամասերէն։ Ըստ Ռէյիսեանի՝ հալէպահայերը կը փորձեն իրարու օգնել՝ վնասուած բնակարանները մաքրելու եւ տարրական նորոգումներ կատարելու նպատակով: Բայց եւ այնպէս, բնակչութեան մօտ անորոշութիւն կայ տակաւին. այդ պատճառով ալ վերանորոգութեան լուրջ աշխատանքներ չեն կատարուիր, որովհետեւ ոչ ոք գիտէ, թէ աւելի ուշ ի՛նչ նորանոր ցնցումներ կրնան արձանագրուիլ։
«Հալէպի տարբեր թաղամասերու մէջ տարբեր տեսարաններու կարելի է ականատես ըլլալ: Քաղաքի թաղամասերէն շատերը, որոնց կարգին Նոր Գիւղը, տակաւին ամայի են, ամէն տեղ կան քանդուած, աւերուած կառոյցներ, փակ խանութներու սրճարաններ: Իսկ Փակ շուկայի մօտակայ շրջանները անկարելի է մուտք գործել», դիտել տուած է Ռէյիսեան՝ աւելցնելով, որ այդուհանդերձ, կան որոշ թաղամասեր ու շրջաններ, ուր կեանքը բնականոն կերպով կը շարունակուի, օրինակ՝ Մոկամպոն, ուր սրճարանները եւ խանութները բաց են եւ լուսաւորուած: Փողոցներուն մէջ եռուզեռ կայ։ Ռէյիսեան հաստատեց սակայն, որ զգուշաւորութիւնը տակաւին տիրական է։