Երկուշաբթի 15 Հոկտեմբեր 2012-ի առաւօտուն, աւելի քան ժամ մը հանդիպում տեղի ունեցաւ Վեհափառ հայրապետին եւ Լիբանանի մօտ Յունաստանի դեսպանուհի Գաթրինա Պուրային միջեւ:
Խորհդակցութեան հիմնական նիւթը ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնն էր ու յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը լայն բացատրութիւն տուաւ դեսպանուհիին մանաւանդ Սուրիոյ հայութեան մասին, շեշտելով թէ հայութիւնը ամբողջ Միջին Արեւելքէն ներս միշտ եղած է արաբ ժողովուրդի կողքին, կառչելով ժողովրդավարական սկզբունքներուն, արդարութեան, ազատութեան ու քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան:
Հանդիպման ընթացքին նաեւ անդրադարձ եղաւ Յունաստանի հայութեան եւ հայ եւ յոյն եկեղեցիներու դարաւոր բարեկամութեան մասին: Արծարծուեցան նաեւ Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցեր: