Պերլինի մէջ, Ի. դարու սկիզբին Օսմանեան կայսրութեան մէջ ցեղասպանուած աւելի քան 3,5 միլիոն քրիստոնեաներու յիշատակին՝ էքիւմէնիք յուշահամալիր մը պիտի կառուցուի:
Յուշարձանի նախաօծման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Հոկտեմբեր 13ին: Ըստ Գերմանիոյ մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչման յանձնախումբի ղեկավար Թեսա Հոֆմանի փոխանցած տեղեկութեանց, ծրագրուած է յուշարձանը կանգնեցնել մինչեւ 2015 թուականը, Պերլինի աւետարանական Լուիզէն եկեղեցւոյ բակին մէջ՝ բուն մուտքին դիմացը: