Հունգարիոյ իշխանութիւնները ամէն առիթով կը փորձեն հաւաստիացնել թէ ատրպէյճանցի մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի արտայանձնումէն  ետք՝  Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հունգարիոյ միջեւ խզուած դիւանագիտական յարաբերութիւնները՝  ի գին ամէն զոհողութեան կ'ուզեն վերականգնած տեսնել:


Նոյն պահուն սակայն, ականատես կը դառնանք Պուտափեշտի մէջ նոր տեղադրուած Քեմալ Աթաթուրքի նուիրուած պուրակի եւ յուշարձանի մը  բացման իրողութեան:
Հունգարիոյ իշխանական գործելակերպը մեծ հակասութիւններու առիթ տուած է: Մէկ կողմէ հունգար մտաւորականներ ելոյթներ կ'ունենան հայ-հունգար ժողովուրդներու բարեկամութեան եւ ամուր կապերու մասին խօսելով, միւս կողմէ պետութիւնը սադրանքը կը շարունակէ՝ Քեմալ Աթաթուրքի կիսանդրին կանգնեցնելով երկրի մայրաքաղաքին մէջ:
Ինչպէս կը յայտնեն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Եւրոպայի հայ համայնքներու վարչութեան բաժանմունքէն, Հունգարիոյ հայ համայնքը խստօրէն դատապարտած եւ բողոքի ցոյց կատարած է արձանի տեղադրման կապակցութեամբ, այսուհանդերձ՝ Հունգարիոյ մէջ տուեալ պուրակը արդէն թուրքերու պաշտամունքի վայր դարձած է:
Արձանի տեղադրման փաստը երբեմնի բարեկամ համարուող հայ ժողովուրդի նկատմամբ հերթական փորձաքարն էր՝ լեցուն հետագայ սադրիչ գործարքներով:
Այսպիսով Հունգարիան որ առաջին անգամ թոյլ տուաւ մարդասպան ազերին հերոսացնելու, երկրորդ հանգրուանով կը հերոսացնէ Ցեղասպանութեան պատասխանատուն՝ ապացուցանելով, որ պատրաստ է առօրեայ քաղաքական-տնտեսական շահերը գերազանցել՝ ի վնաս համամարդկային արժէքներուն եւ միջազգային սկզբունքներուն: