Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը Չորեքշաբթի 13 Յուլիսին պիտի քննարկէ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին նախագահ Պարաք Օպամայի առաջադրած թեկնածութիւնը։
Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակի ղեկավար Արամ Համբարեան կը յայտնէ, որ «մենք արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի բոլոր անդամներուն կոչ կþուղղենք ներկայ գտնուիլ լսումներուն եւ հարցումներ ուղել թեկնածու Ճոն Հաֆերնին՝ վերջինիս որակաւորումներու եւ թեկնածութեան մասին։ Յոյս ունինք, որ ծերակոյտները լիովին պիտի օգտագործեն լսումներու ժամանակ իրենց ընձեռուած կարելիութիւնը, որպէսզի բացատրութիւններ ստանան՝ կովկասեան տարածաշրջանին առնչուող շարք մը արտաքին քաղաքական հարցերու շուրջ Օպամայի վարչակազմի դիրքորոշման վերաբերեալ, որոնց շարքին են՝ ցեղասպանութեան հարցի արդարացի լուծումը, Լեռնային Ղարաբա- ղի հակամարտութեան արդարացի կարգաւորումը՝ ժողովրդավարութեան եւ ինքնորոշման հիման վրայ, ինչպէս նաեւ հայ-ամերիկեան տնտեսական յարաբերութիւններու ընդլայնման հարցը»։
Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ քննարկուելէ եւ յանձնախումբի հաւանութեան արժանանալէն ետք Հաֆերնի թեկնածութիւնը պէտք է Ծերակոյտի լիագումար նիստին կողմէ վաւերացուի։