Պելկրատի մէջ իր աշխատանքները աւարտեց ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովի հերթական նստաշրջանը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը՝ վկայակոչելով վեհաժողովի պաշտօնական կայքը, աշխատանքներու աւարտին ընդունուեցաւ համատեղ յայտարարութիւն, ուր անդրադարձ կատարուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման:
ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովը կոչ ուղղած է կազմակերպութեան շրջանակներու ծիրէն ներս աշխուժ ջանքեր գործադրել ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ:
«ԵԱՀԿ ԽՎ-ն ափսոսանք կը յայտնէ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ վերջին շրջանին նկատուող լարուածութեան աճեցման կապակցութեամբ եւ հետեւողականօրէն կոչ կուղղէ ԵԱՀԿ շրջանակներու ծիրէն ներս աւելի աշխուժ միջոցներ ձեռնարկել Լեռնային Ղարաբաղի, Մոլտովայի ու Վրաստանի մէջ չլուծուած հակամարտութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ»,-ըսուած է փաստաթուղթին մէջ:
Խորհրդարանական վեհաժողովը սկսաւ Յուլիս 6-ին: Մասնակցութիւն բերին ԵԱՀԿ 56 անդամ պետութիւններու խորհրդարանական պատուիրակութիւններ, որոնց կարգին նաեւ ՀՀ խորհրդարանականներէ կազմուած պատուիրակութիւնը: