
11րդ տարին ըլլալով, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ (Աղուերան եւ Շուշի) Օգոստոս 4-11 պիտի կազմակերպուի ՀՅԴ ուսանողական եւ Երիտասարդական միութիւններու բանակում-հայրենագնացութիւնը:
Բանակումին մասնակցութիւն պիտի բերեն Գանատայի, ԱՄՆի, Հարաւային Ամերիկայի, Իրանի, Անգլիոյ, Հոլանտայի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ այլ երկիրներէ համախմբուած ՀՅԴ Երիտասարդական միութիւններու 100է աւելի անդամները:
Յունաստանի Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութիւնը բանակումին կը մասնակցի 15 անդամ-անդամուհիներով, որոնք առիթը պիտի ունենան ի մի գալու դաշնակցական այլ երիտասարդներու հետ, հայրենի հողին վրայ, ճանչնալու երկիրը եւ ժողովուրդը, մտքեր եւ փորձառութիւններ փոխանակելու եւ տարբեր շրջաններու միութեանց գործունէութեան ծանօթանալու:
Բանակումի մասնակցող ընկերներուն համար նախատեսուած է պաշտօնական բացում Հինգշաբթի 4 Օգոստոսին, Եռաբլուրի մէջ:
Նախատեսուած են նաեւ այցելութիւններ Ծիծեռնակաբերդ եւ Ցեղասպանութեան թանգարան, պտոյտներ դէպի Սեւան, Գեղարդ ու Գառնի, Էջմիածին: Յայտագիրը ճոխացած պիտի ըլլայ դասախօսութիւններով, ընկերային կեանքերով, տարբեր բնոյթի այցելութիւններով: Ապա բանակողները պիտի փոխադրուին Արցախ, ուր պիտի շարունակուի բանակումի կանոնաւոր յայտագիրը՝ այցելութիւններով Շուշի, Գանձասար, Ստեփանակերտ եւայլն: