ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Աշխարհահռչակ լեհ բեմադրիչ Վոյչեխ Մարչեւսքի, որ Հայաստան եկած է մասնակցելու համար «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային 8րդ փառատօնին, վարպետութեան դասեր իրականացուց Հայաստանի թատրոնի եւ շարժապատկերի պետական ուսումնարանի ուսանողներուն համար:
Մարչեւսքի խօսեցաւ յատկապէս բեմադրական արուեստի եւ օփերաթորական աշխատանքի մասին: Ըստ անոր, իսկական բեմադրիչը պէտք է թաքցնէ որոշ բաներ, որպէսզի շարժապատկերի բովանդակութիւնը որոշ չափով գաղտնի մնայ: «Այն շարժապատկերը, որ մէկ անգամէն ամէն ինչ կը պատմէ, շարժապատկեր չէ, այլ՝ լրատուական գործակալութիւն», ըսաւ Մարչեւսքի: Այդ համաթեքսթին մէջ, բեմադրիչը օփերաթորներուն խորհուրդ տուաւ ստուերի միջոցով «փակել» որոշ կարեւոր բաներ: «Բեմադրութիւնը զուտ մասնագիտութիւն չէ, այլ առաքելութիւն է եւ կոչում: Անիկա ինծի համար շարժապատկերի միջոցով հաղորդակցիլ է դիտողին հետ: Ես պատասխանատու եմ իմ շարժապատկերներուն համար», ըսաւ Մարչեւսքի: