«ՆԱԹՕ-ն ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ  դերակատարութիւն չունի, սակայն մէկ բան պարզ է`

«Արմէնփրէս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ երէկ ստորագրուած հրամանագրով, Գէորգի Պետրոսեանը ազատ կացուցուած է ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնէն, իր դիմումին համաձայն:

2012-2013ի ընթացքին  Համաշխարհային Դրամատունը  Հայաստանին պիտի տրամադրէ 200 միլիոն տոլար,  աջակցելու համար յետ-ճգնաժամային շրջանի ընթացքին  տնտեսական աճի պահպանման՝  բնակչութեան առաւել խոցելի շերտերուն համար:

Վրաստանի կրօնական միաւորումներու հասարակական իրաւունքով իրաւաբանական անձի կարգավիճակ շնորհելու մասին Քաղաքացիական օրէնսգրքը արդէն ուժի մէջ է:
Յուլիս 5-ին Վրաստանի խորհրդարանի կողմէ ընդունուած ճշդումներով՝ Վրաստանի նախագահի ստորագրութեամբ հրապարակուեցաւ տուեալ օրէնքը:

Մոսկուա պաշտօնական այցելութեամբ գտնուող  Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդվարդ Նալբանդեանը Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ընդունելու թիւններու տան մէջ  հանդիպած է Ռուսաստանի իր պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ: