Վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին, տեղեկատուական ոլորտին մէջ հայկական տեղեկատուական գործակալութիւններու ներկայացումը կտրուկ կերպով աճած է: Այս կարծիքը ունի տեղեկատուական ոլորտի փորձագէտ Կարէն Վրթանէսեանը, որ «Hareyan Publishing» ԱՄՆ լրատուական ընկերութեան

տնօրէն Արմէն Հարէյեանի հետ Յուլիս 4ին հանդէս եկաւ ասուլիսով մը՝ ներկայացնելով հայկական տեղեկատուական ոլորտի թերացումները եւ միջազգային փորձի նորարար լուծումները:
«Տեղեկատուական գործակալութիւնների ներկայացման  աճը պայմանաւորուած է համացանցի աճով, Հայաստանում արագ ու համեմատաբար մատչելի ցանցային կապ ի յայտ գալով եւ նաեւ սոցիալական ցանցերի աճով: Եթէ այսօր ԶԼՄն չկայ որեւէ սոցիալական ցանցում, ապա մեծ քանակով այցելութիւն է կորցնում», ըսաւ Կարէն Վրթանէսեան: Հայաստանն ու Ատրպէյճանը լաւագոյնս ներկայացուած են, թէեւ տարածաշրջանին մէջ Վրաստանի համացանցային կապը ամէնէն արագն ու որակաւորն է:
Արմէն Հարէյեանի խօսքով, այսօր հայկական կողմին ամենակարեւոր խնդիրը կրթութեան հարցն է. «Մենք ունենք փրոֆեսիոնալիզմի լուրջ պակաս, շատ ուսանողներ աւարտելուց յետոյ նորմալ չեն կարողանում կազմել իրենց միտքը: Խնդիր կայ այլ լեզուներով գրող մասնագէտների, անգամ՝ հայերէն գրողի: Կարծես համացանցում բուռն աճ կայ տեղական լրատուամիջոցների, սակայն երբ ծանօթանում ես բովանադակութեանը, յայտանբերում ես լուրջ սխալներ թէ՛ մասնագիտական, թէ՛ գրագիտութեան, թէ՛ վերլուծութեան: Երբ ես լրագրողի կարիք եմ ունենում, չեմ կարողանում գտնել համապատասխան մասնագէտին՝ Հայաստանում», յայտնեց Արմէն Հարէյեան:
Կարէն Վրթանէսեան եւ Արմէն Հարէյեան այս խնդիրներուն համար առաջարկեցին քանի մը լուծումներ: Ըստ Արմէն Հարէյեանի, առաջին հերթին պէտք է աւելցնել լրատուական կայքերը «Google News», «Bing» կամ «Yandex» որոնողական համակարգերուն մէջ, եւ գրել այնպէս մը, որ նորութիւնը յայտնուի «Google News»ի գլխաւոր էջին վրայ:
«Միւս լուծումը՝ Live Blogging-ով (ուղիղ հեռարձակում) զբաղուելն է, որն օփերաթիւ լրատուութեան եւ կրկին մեծաքանակ այցելուներ ձեռք բերելու մեթոտ է: Եւ ի հարկէ, անհրաժեշտ է, որ լրատուամիջոցը լինի սոցիալական ցանցերում: Մեր մամուլը պէտք է լուրջ մտածի եկամտաբերութեան մասին եւ չմնայ միայն տոնորների յոյսին», նշեց Արմէն Հարէյեան: Ան կարեւոր համարեց նաեւ սեփական ծրագիրներու ստեղծումը «սմարթֆոն»ներու համար, քանի որ այսօր մարդիկ տեղեկութիւն կը փնտռեն հեռախօսէն:
Կարէն Վրթանէսեանի խօսքով, այսօր հայկական համացանցին մէջ կան այնպիսի «պլակըր»-ներ, որոնք աւելի շատ ընթերցող ունին, քան առգիծ լրատուամիջոցները:

WikiLeaks-ի Հիմնադիրը Պիտի Չշարունակէ Յուշեր Գրել

WikiLeaks կայքի հիմնադիր Ճուլիան Ասանժ յայտնած է, որ պիտի չշարունակէ յուշեր գրել, քանի որ կը վախնայ իր գիրքը ամերիկեան դատախազներուն կողմէ օգտագործուի իր դէմ, եւ իբրեւ արդիւնք ան վտարուի ԱՄՆ-էն: Բրիտանական The Guardian-ի տուեալներով՝ Ասանժի յուշերը լոյս պիտի տեսնեն, սակայն պիտի ըլլան ոչ այնպիսին, ինչպիսին նախօրօք կը ծրագրուէր կազմել զայն: Իր կենսագրութեան եւ յուշերու տպագրութեան վերաբերեալ պայմանագիրը Ասանժ կնքած է 2010ին՝ ամերիկեան Knopf եւ բրիտանական Canongate տպարաններուն հետ: Նախապէս կը հաղորդուէր, որ Ասանժ այդ գործարքին իբրեւ արդիւնք պիտի ստանայ 1,5 միլիոն տոլար: Այդ գումարը ան կը պատրաստուէր ծախսել նիւթական շրջափակման մէջ գտնուող WikiLeaks-ի գոյութիւնը պահպանելու համար:

iPhone-ի Համար Մշակուած է Ահաբեկիչներուն Տեղը Որոշելու Յաւելուած

ԱՄՆ բանակի սպայ Ճոնաթան Սփրինկըր iPhone-ի համար մշակած է յաւելուած, որ ամերիկացի զինուորներուն պիտի օգնէ որոշել թալիպներու գտնուելուն վայրը:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»ն, լուսանկարիչի, կողմնացոյցի եւ GPS քարտի միջոցով յաւելուածը պիտի որոշէ այն վայրի ճիշդ համակարգողները, ուրկէ հակառակորդը կրակ կ՝արձակէ: Յաւելուածը կը կոչուի Tactical Nav: Սփրինկըրի խօսքերով՝ ծրագիրը կ՝աշխատի շատ յստակ, ան զայն մշակած է յատուկ զինուորներու համար եւ անձամբ փորձարկած՝ գտնուելով Աֆղանիստանի մէջ: Ծրագիրը թոյլ կու տայ անմիջապէս ստացուած տուեալները ուղարկել հրամանատարական կեդրոն՝ արագ օդային հարուած հասցնելու համար:
Սփրինկըր կը պատմէ, որ նման յաւելուած ստեղծելու գաղափարը իր մօտ յառաջացած է, երբ երկու տարի առաջ թալեպանները սպաննած են իր երկու ընկերները: