ԹԻՖԼԻՍԻ ՄԷՋ ՀԱՅԵՐՈՒ ԽՈՇՏԱՆԳՈՒՄ՝
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԴՐԴԱՊԱՏՃԱՌՆԵՐՈՎ

ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ԿԸ ՀԵՐՔԷ

Թիֆլիսի մէջ 10 Յուլիսի ուշ երեկոյեան, Քեթեւան Ցամեպուլիի պողոտային վրայ քանի  մը հոգի խոշտանգումի ենթարկած են երեք հայեր: Միջադէպի ականատեսները «Էքսպրեսնիուզին» յայտնած են, որ դէպքը տեղի ունեցած է կրօնական դրդապատճառներով:

Ըստ ականատեսներու, երբ Սուրբ Երրորդութեան տաճարէն բողոքի ցոյցին մասնակիցները սկսած են ցրուիլ, տասնեակ մը երիտասարդներ պողոտային մէջ մօտեցած են երիտասարդներու այլ խումբի մը: Անոնք յարձակած են հայերուն վրայ:
Ականատեսները չեն լսած լեզուակռիւի մանրամասնութիւնները, բայց վստահ են, որ վէճը եղած է կրօնական դրդապատճառներով:
«Յանկարծ երիտասարդները յարձակեցան երեք տղաներու վրայ, որոնք հայեր էին: Սկսան զանոնք խոշտանգել, ոտքերով հարուածել, նոյնիսկ պոռալ «Դուք մեղաւոր էք»: Խոշտանգումը տեւեց մօտաւորապէս 5 վայրկեան, ապա յարձակողները փախուստի դիմեցին: Անոնցմէ մէկը ըսաւ. «Եկէք փախչինք, քանի տակաւին ոստիկանները չեն եկած», յայտնեցին ականատեսները:
Նշենք, որ նախանցեալ օր Թիֆլիսի մէջ բողոքի ցոյց տեղի ունեցաւ դէպի Սուրբ Երրորդութեան տաճար, որուն մասնակիցները իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին համայն Վրաստանի պատրիարքին, որ դէմ դասուած է Վրաստանի մէջ եկեղեցական միաւորումներուն իրաւական կարգավիճակ տալու քայլին, որ կառավարութիւնը յառաջ կը քշէ:
Յայտնենք, որ Թիֆլիսի հայ համայնքը հերքեց նախանցեալ օր տեղի ունեցած միջադէպին մասին տեղեկութիւնը: Համայնքը չբացառեց նաեւ, որ այսպիսի դէպքի մը հաղորդումը կրնայ ըլլալ վրացական լրատուամիջոցներուն սադրանքը:

Պահ մը Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած ցոյցէն