Գիւմրի քաղաքին մէջ ժամանակաւոր կացարաններու մէջ բնակողներէն մօտաւորապէս 3500 ընտանիք երկրաշարժի հետեւանքով բնակարան չեն կորսնցուցած եւ պետութեան կողմէ ենթակայ չեն բնակարանային փոխ հատուցման, «Շիրակ կեդրոն» ՀԿ-ի հարցման ի պատասխան յայտարարեց Գիւմրիի քաղաքապետարանը:
Այլ տեղեկատուութեան համաձայն՝ մինչեւ օրս անօթեւաններու հերթացուցակին մէջ հաշուառուած չէ 142 ընտանիք, որոնք պէտք է համապատասխան փաստաթուղթեր ներկայացնեն երկրաշարժի ժամանակ բնակարանի փոխ հատուցում ստացած չըլլալու մասին: «Տնակներում բնակող երկրաշարժի հետեւանքով անօթեւան մնացած ընտանիքներու հաշուառում մինչ օրս չի կատարուել, ուստի նրանց ամբողջական ցուցակ գոյութիւն չունի» կÿըսէ քա- ղաքապետարանը: