Հայաստանի բանակի ղեկավար կազմը՝ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորութեամբ, Յուլիս 20ին այցելած է Եռաբլուր պանթէոն՝ յարգանքի տուրք մատուցելու ՀՀ Ազգային հերոս Ջիւան Աբրահամեանի յիշատակին:
Հայաստանի Զինեալ ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի մատուցմամբ կատարուած է խնկարկման արարողութիւն: Այնուհետեւ Երեւանի Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ տեղի ունեցած է յուշցերեկոյթ, որուն մասնակցած են հերոսի մարտական ընկերները, հարազատները եւ զինուորականներ:
ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 200 ԱՆԳԱՄ ԽԱԽՏԱԾ Է ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԸ
Արցախի բանակի տեղեկատուական գրասենեակին համաձայն, Ղարաբաղ-Ատրպէյճան շփման գիծին վրայ 16-էն 23 Յուլիս երկարող շաբթուան ընթացքին ատրպէյճանական բանակը շուրջ 224 անգամ խախտած է զինադադարը.
սոյն խախտումներուն ընթացքին արձանագրուած է աւելի քան 718 կրակոց:
Ատրպէյճանական բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային եւ արձակազէնային հրացաններէ կրակ բացած են սահմանային դիրքերու վրայ տեղակայուած հայկական գրեթէ բոլոր դիրքերուն ուղղութեամբ:
Հակառակ թշնամիին ցուցաբերած աշխուժութեան, Արցախի բանակին յառաջապահ ստորաբաժանումները լաւապէս պաշտպանած են շփման գիծը եւ առանց մարդկային վնասներ տալու վերջ տուած են զինուորական խախտումին:
Ատրպէյճանի սպառազինման կարելիութիւնները
ՄԱԿի սովորական սպառազինութիւններու տեղեկագրի տուեալներուն համաձայն, ՀԱՊԿի (Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան) դաշինքէն ներս Հայաստանի դաշնակից Պելառուսը անցեալ տարուան ընթացքին զէնք վաճառած է Ատրպէյճանի:
Ինչպէս յայտնի է տեղեկագրէն, Պելառուսը եւ Հայաստանը նոյնպէս կը մասնակցին ՀԱՊԿի:
Ատրպէյճանական APA գործակալութեան տրամադրած տուեալներով՝ 2010ին Ատրպէյճան Պելառուսէն գնած է 30 հատ 122 մմ տրամաչափի Դ-30 թնդանօթներ, որոնք կրնան մինչեւ 22 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ հարուածներ հասցնել:
Մեր ընթերցողները կը յիշեն, թէ ամիս մը առաջ մօտաւորապէս Պաքուի մէջ կայացած զինուորական տողանցքին ընթացքին Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերը ցուցադրած էին հակաօդային պաշտպանութեան ռուսաստանեան C-300 Favorit հրթիռային համակարգեր (լուսանկար), որ ազերի պաշտօնեաներու խօսքերուն համաձայն՝ իրենց վաճառեց Հայաստանի մէկ այլ դաշնակիցը՝ Ռուսաստանը:
Հայաստանի մէջ կը հնչեն կարծիքներ, որ կը բարձրաձայնեն ՀԱՊԿի մէջ երկիրներու դաշնակից ըլլալու իրողութիւնը, որ կը հակասէ վերեւ նշուած տուեալներուն: Փորձագէտ Ռուբէն Մեհրապեանի կարծիքով նոյն այս կազմակերպութեան շրջանակներէն ներս պէտք է հարց դրուի թէ ինչպէս կրնայ ըլլալ որ կազմակերպութեան անդամ-երկիրները զէնք եւ զինային արհեստագիտութիւն կը վաճառեն Ատրպէյճանի, որու ղեկավարները անընդհատ կը խօսին Հայաստանի հետ պատերազմելու մասին: «Սա ուղղակի ցոյց կուտայ թէ ՀԱՊԿ կոչուած դաշինքը ձեւական եւ անլուրջ է, որ որեւէ կապ չունի Հայաստանի անվտանգութեան խնդիրներուն հետ այլ միմիայն կը սպասարկէ Ռուսաստանի շահերուն» դիտել կուտայ Ռուբէն Մեհրապեանը: