«ԱԼԻՔ» - Երէկ իր աւարտին հասաւ Ս. Թադէոս առաքեալի եւ Սանդուխտ կոյսի տօնի առիթով կազմակերպուած եռօրեայ 57-րդ ուխտագնացութիւնը, որը, ինչպէս միշտ, նախաձեռնած էր Ատրպատականի հայոց թեմը:


Եռօրեայ ուխտագնացութեան պատարագը մատուցեց Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեանը: Պատարագին մասնակցեցաւ Թաւրիզի հայոց եկեղեցիներու «Կոմիտաս» երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Վարդան Վահրամեանի:
Եռօրեայ ուխտագնացութեան մասին «Ալիք» հեռախօսազրոյց ունեցաւ Ատըրպատականի հայոց Թեմական խորհուրդի ատենապետ Ռուբիկ Ջանանեանի հետ: Ան ըսաւ. «Ուխտագնացութիւնը շատ յաջող ընթացաւ՝ շնորհիւ վանքերի յանձնախմբի, «Արարատ»-ի Թաւրիզի մասնաճիւղի կարգապահութեան, Խնամակալ մարմնի եւ բոլոր միութիւնների անխոնջ աշխատանքի: Կարեւորութեամբ պիտի անդրադառնալ Արեւմտեան եւ Արեւելեան Ատրպատական նահանգների եւ ի մասնաւորի Չալդրան քաղաքի պետական պատասխանատուների անվերապահ աջակցութեան եւ ներկայութեան մասին: Արարողութեան յաջող իրականացման առումով մեծ նշանակութիւն ունէր Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեանի ներկայութիւնը»:
Պրն. Ջանանեանը նշեց, որ թէեւ այս տարի եղանակը անբարենպաստ էր, սակայն ներկայ էին աւելի քան երեք հազար ուխտաւորներ:
Ան աւելցուց, որ այս տարի ուխտագնացութեանը յատուկ իմաստ հաղորդեց այն, որ Հայաստանի Համահայկական 5-րդ շրջանի մարզական խաղերու ջահերէն մէկը, յաւարտ ս. պատարագի, բոցավառուեցաւ վանքին մէջ՝ Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեանի ձեռամբ եւ մարզիկները ջահը երկու անգամ դարձուցին վանքին շուրջ, ապա երգուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգը: Արարողութեան  ներկայ էին՝ Իրանի մօտ ՀՀ դեսպան Գրիգոր Առաքելեանը, Իսլ. խորհրդարանի մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Գէորգ Վարդանեանը, նահանգապետարանի ու կուսակալութեան բարձրաստիճան դէմքեր: Հայաստանէն ժամանած էր 30 հոգինոց ակադեմական պատւիրակութիւն՝ գլխաւորութեամբ տնօրէն տոքթ. Աշոտ Մելքոնեանի: