Եւրոմիութեան ընդարձակման եւ Արեւելեան գործընկերութեան քաղաքականութեան գծով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ հարցազրոյց մը տալով «Ազատութիւն» ռատիոկայանին նշած է, թէ
Եւրոմիութիւնը կուզէ մեծցնել իր ներգրաւուածութիւնը ղարաբաղեան խնդրին մէջ եւ պատրաստ է անհրաժեշտ նիւթական միջոցներ տրամադրել՝ կարգաւորման նպաստելու եւ տարածաշրջանը վերականգնելու համար:
«Այժմ մենք աւելի ու աւելի շատ գումարներ կը ներդնենք կողմերուն միջեւ վստահութիւնը ամրապնդող քայլերուն մէջ` ըլլայ Մերձտնեսթրի մէջ, թէ՝ Ղարաբաղի: Սակայն ատիկա միայն առաջին քայլն է: Պրիւքսէլ կրնայ աւելին ընել, քանի որ այժմ Եւրոմիութեան արտաքին գերատեսչութեան կարողութիւնները ընդարձակուած են, իսկ խնդիրը կարգաւորելու ցանկութիւնն ու պատրաստակամութիւնը` մեծցած»,- ընդգծած է յանձնակատարը: