Հայաստանի իշխանութեան եւ ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսի պատուիրակութիւններուն միջեւ երէկ տեղի ունեցած երկրորդ հանդիպման իբրեւ արդիւնք որոշուեցաւ երկխօսութեան օրակարգը:
«Օրակարգը ձեւաւորուեցաւ հետեւեալ սկզբունքով. քննարկման ենթակայ է այն հարցը, զոր ներկայացուցած է քոնկրեսը, առանց որեւէ փոփոխութեան, առանց որեւէ խմբագրութեան, եւ քննարկման ենթակայ է նաեւ այն հարցը, զոր ներկայացուցած է մեր աշխատանքային խումբը», հանդիպումէն ետք լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ Հայ ազգային քոնկրեսին հետ երկխօսութիւն կատարելու նպատակով իշխանութեան ձեւաւորած աշխատանքային խումբի ղեկավար, իշխող Հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Դաւիթ Յարութիւնեան:
Օրակարգին վրայ ներառուած են երկու հարցեր. «Հայաստանի մէջ օրինական իշխանութեան շուտափոյթ ձեւաւորման նպատակով արտակարգ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացում եւ անոնց ազատութեան, արդարութեան եւ օրինականութեան ապահովման անհրաժեշտ միջոցառումները» եւ «Ընտրութիւններու պատշաճ կայացման նպատակով քաղաքակիրթ մրցակցութիւնը ապահովող կանոններու ձեւաւորումը»:
Մինչ կ՛ընթանար Հայ ազգային քոնկրես-իշխանութիւն երկխօսութեան հերթական հանգրուանը, Հայ ազգային քոնկրեսը տարածեց յայտարարութիւն մը, ուր իբրեւ քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական ճգնաժամի յաղթահարման քայլ անհրաժեշտ նկատած էր արտակարգ ընտրութիւններու կայացման հարցը, ինչպէս նաեւ ընտրութիւններու օրինականութեան ապահովման նպատակով 9 կէտնոց ծրարի ընդունումը:
Հայ ազգային քոնկրեսի ձեւաւորած պատուիրակութեան ղեկավար, քոնկրեսի համակարգող Լեւոն Զուրաբեան լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ քոնկրեսը առաջարկած է նախագահական արտակարգ ընտրութիւններ կայացնել հոկտեմբերի կէսերուն: Քոնկրեսին կարծիքով, նախագահական արտակարգ ընտրութիւնները պիտի ստեղծեն լրջագոյն երաշխիքներ նաեւ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդար, ազատ եւ օրինական կայացման համար:
Ան աւելցուց, որ երէկուան հանդիպման ընթացքին առաջարկներու մանրամասնութիւնները չեն քննարկուած եւ երկխօսութեան մասնակից կողմերը իրենց ժամանակը նուիրած են միայն երկխօսութեան օրակարգին ձեւաւորման:
Պատասխանելով արտակարգ ընտրութիւններու կայացման կարելիութեան վերաբերեալ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին՝ Դաւիթ Յարութիւնեան քանի մը օր առաջ յայտնած էր, որ այս հանգրուանին այդ ընտրութիւններուն համար համապատասխան հենք չի տեսներ:
«Կարծես թէ, մենք այդ հարցին շուրջ եւս ընդհանուր եզրակացութեան եկանք», յայտնեց Դ. Յարութիւնեան: