«Ազատութեան» հրապարակին վրայ՝ Սպենդիարեանի արձանին մօտ խումբ մը քաղաքացիներ մոմ վառեցին ու ծաղիկներ զետեղեցին՝ ի յիշատակ Նորվեկիայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքի զոհերու յիշատակին:
Նորվեկիոյ ժողովուրդին զօրակցութիւն յայտնելու մտքով այս նախաձեռնութեան մասնակցեցան մօտ 60 քաղաքացիներ:
Հաւաքի մասին յայտարարութիւնը Facebook սոցիալական ցանցին միջոցաւ կայացաւ, երիտասարդներուն յատկապէս յղուած հրաւէրներով: