Յառաջիկայ երկու տարին ոչ մէկ փոփոխութիւն պէտք է ակնկալել ԼՂ խնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ: Նման կարծիք յայտնեց ՀՅԴ Հայ Դատի գրա-սենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը, զայն հիմնաւորելով այն հանգամանքով, որ նախընտրական շրջան է Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ միջնորդ երկիրներու մէջ, բացի այդ Ատրպէյճան դարձած է ՄԱԿ-ի ԱԽ ոչ մշտական անդամ:

«Միջնորդները կը սահմանափակուին պատերազմի հաւանականութիւնը մեղմելու ուղղութեամբ յայտարարութիւններով, եւ ոչ էական տեղաշարժերու ուղղութեամբ», ըսաւ ան:
Պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօք կը հաւատա՞յ Պաշտպանութեան նախարարի յայտարարութեան, թէ հայկական կողմը համապատասխան միջոցներ կը ձեռնարկէ Ա-տըրպէյճանի զինադադարի խախտման փորձերը կասեցնելու ուղղութեամբ, Կիրօ Մանոյեան ըսաւ. «Պատճառ չունիմ չհաւատալու, քանի որ Ատրպէյճանը զսպելու համար համապատասխան միջոցներ պէտք է ձեռնարկել, որ Ատրպէյճանը հասկնայ, որ կարելի չէ երեխայի պէս խաղալ»:
Անոր համոզմունքով՝ Ատրպէյճան չի կրնար բանակցութիւնները պատանդ պահել: Ըստ Կիրօ Մանոյեանի «Ատրպէյճանի կողմէ պատերազմի սանձազերծման հաւանականութիւնը այնքան ալ մեծ չէ, հակառակ Ատրպէյճանի սպառնալիքներուն եւ իրականացուցած ռազմական ծախսերուն, սակայն զինադադարի խախտումները ակամայ կրնան տանիլ ռազմական գործողութիւններու կամ երկկողմանի ոչ ցանկալի գործողութիւններու:
“Եթէ Ատրպէյճանը պատերազմ սկսի, ատիկա մեծ վտանգ եւ աղէտ պիտի ըլլայ իրենց քարիւղատարերուն համար» ըսաւ Կիրօ Մանոյեան: