Երեւանեան շուկան ողողուած է Ծննդեան եւ տօնական զարդերով: Վաճառախանութները ճոխ հաւաքածոյ մը կը տրամադրեն ժողովուրդին, որ հետզհետէ աւելի մեծ հետաքրքրութիւն ցոյց կուտայ գնումներ կատարելու առումով:

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ Դեկտեմբեր  9-10 թուականին, Հ.Յ.Դ. «Արամ Մանուկեան» Երեւանի Երիտասարդական կեդրոնէն ներս, տեղի ունեցաւ գրասենեակին կից գործող Երիտասարդական Խորհուրդի տարեկան ժողովը:

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը կը նախատեսէ 2012-ի Ապրիլէն մինչեւ Հոկտեմբեր ինկած ժամանակաշրջանին իրականացնել «Իմ Հայաստան» խորագիրով համահայկական փառատօն (նախկին «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» համահայկական մշակութային փառատօնի նման), որուն ծիրին մէջ պիտի կազմակերպուին կարգ մը ձեռնարկներ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:

Վիլնիւսի մէջ, ԵԱՀԿ Նախարարական խորհուրդի հանդիպման կապակցութեամբ, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի անդամ երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարները՝ Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լավրովը, ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Հիլարի Քլինթոնը, Ֆրանսայի եւրոպական հարցերով պետական քարտուղար Ժան Լեոնետտին, Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Էլմար Մամետեարովը եւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը կը վերահաստատեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հասնելու կարեւորութիւնը:

ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիօլուր».- Երեւանի քաղաքապետարանէն կը վստահեցնեն, թէ Նոր Տարուան տօնական օրերուն մայրաքաղաքը պիտի ունենայ շքեղ տեսք մը, որուն համար պիտի նպաստեն նաեւ յատուկ կազմակերպութիւններ։