Վերջերս Ախալցխայի թիւ 5 վրացական դպրոցը այցելեց Հայաստանէն եկած պատուիրակութիւն մը՝ գլխաւորութեամբ «Փիւնիկ» հիմնադրամի հոգա-բարձուներու խորհուրդի նախագահ եւ յատուկ յանձնարարութիւններով արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Լեւոն Սարգսեանի: Պատուիրակութիւնը Սամցխէ-Ջաւախք կը գտնուէր «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժապատկերի փառատօնի շրջանակներուն մէջ:
Հիւրերը վրացական թիւ 5 դպրոց այցելութեան ընթացքին իրենց հետ տարած էին քանի մը դպրոցներու համար նախատեսուած տարբեր նուէրներ՝ համակարգիչներ, դպրոցական սարքաւորումներ եւ լեզուաբանութեան յատուկ սարքեր:
Նուէրները տրամադրած էր Մարդկային պաշարներու զարգացման բարեգործական «Փիւնիկ» հիմնադրամը։ Ըստ անոր, հիմնադրամին հիմնական նպատակն է՝ աջակցիլ կրթութեան ոլորտին եւ նպաստել անոր մակարդակին բարձրացման անկախ այն գաղափարէն, թէ այդ դպրոցը հայկակա՞ն է, ռուսակա՞ն թէ՞ վրացական: