Վերջին լուրերու համաձայն, կարելի եղած է կանխել Թուրքիոյ կառավարական տագնապը։ Եղածը պարզապէս կարկտան մըն է եւ ոչ արմատական դարման քաղաքական եւ տնտեսական այն անել կացութեան, որուն մատնուած է Թուրքիան։

Մանրավէպ մը՝ Կոմիտաս վարդապետի կեանքէն.- Էջմիածնի մէջ, Ընծայարանի տարեվերջի քննութեանց ժամանակ, քննիչներուն առջեւ է ուսանող մը, զոր շատ կը սիրէր Կոմիտաս՝ երգի եւ ձայնագրութեան մէջ ցոյց տուած ընդունակութեան եւ բնատուր շնորհքներուն համար:

Վերջին օրերուն, միջազգային քաղաքական շրջանակներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Աթէնքի վրայ, ուր պիտի գումարուի Հիւսիսային Ատլանտեան Ուխտի (ՆԱԹՕ) 15 երկիրներու արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներու խորհրդաժողովը։

Մոսկուայի Գերագոյն խորհուրդը իր վերջին նիստին մէջ, ընտրեց 97 հոգիէ բաղկացած յանձնախումբը մը, որ 1936-ի Սթալինեան սահմանադրութեան տեղ նոր մը պիտի մշակէ։

«Հայրենիք»-ի 8 Ապրիլի թիւին մէջ կը կարդանք.- Վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին, 30-է աւելի նոր ընկերներ, մեծամասնութեամբ երիտասարդներ, եկած են միանալու ՀՅԴ Հիւսիսային Ամերիկայի կազմակերպական շարքերուն: