1959-ին Թիֆլիս, 1960-ին Երեւան, իսկ այս տարի Պաքուի մէջ գումարուեցաւ Անդրկովկասի հոգեբաններու երրորդ համագումարը, որուն ընթացքին քննուեցան ընդհանուր հոգեբանութեան եւ հոգեբանութեան պատմութեան 50 հարցեր:

Անգիտակցութեան հարցին շուրջ հետաքրքրական զեկուցումներ կարդացին Մ. Մազմանեան եւ վրացի ակադեմական մը: Աշակերտի տրամաբանական մտածողութեան զարգացման եւ քերականութեան ուսուցման մասին խօսած է Ա. Յակոբեան: Աշխատանքի հոգեբանութեան հարցերուն շուրջ Մ. Երիցեան եւ Է. Ներսիսեան, իսկ Շ. Սիմոնեան՝ Հայաստանի լուսաւորութեան նախարարը, «Հոգեբանական հարցերու գրուածքը եւ անոր խնդիրները Հայաստանի մէջ»: Միշտ Անհոգութիւն…

«Հայրենիք»-ի մէջ (10 Ապրիլ) կը կարդանք. Կիրակի, 8 Ապրիլի 1962, ՀՅԴ Մեծն Պոսթընի հանգանակային յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ եւ Ուոթըրթաունի Ճունիըր հայ սքուլի սրահին մէջ, ընկերներու եւ համակիրներու բազմութեան մը ներկայութեան, տեղի ունեցաւ յայտարարուած հանգանակային-հրապարակային ժողովը՝ ոգեւորիչ մթնոլորտի մէջ, եւ պսակուեցաւ փայլուն ու պատուաբեր արդիւնքով մը. Համագումար՝ 29,210 տոլար: Կը նախագահէր մեր ծերունազարդ եւ վաստակաւոր ընկերը՝ փրոֆ. Յ. Չագմագճեան եւ կ՛ատենապետէր ընկ. Վ. Ազապլար: Մեծադիր եռագոյնով պարզօրէն զարդարուած բեմին վրայ, նախագահին կողքին՝ տեղ գրաւած էին օրուան  ատենախօսները՝ Յովհաննէս Տէր Յովհաննէսեան եւ Սեդրակ Մինաս: Ատենախօսները ոգեւորիչ կերպով ներկայացուցին ՀՅ Դաշնակցութեան գործը, զայն պայքարի ճակատներուն վրայ վարող գաղափարները եւ ընդգծեցին ապագայ առաքելութիւնը դաշնակցական սերունդներուն, ինչպէս նաեւ՝ հաւատաւոր հայ զանգուածներուն: Ապա տեղի ունեցաւ հրապարակային հանգանակութիւնը, որուն իրենց լիաբուռն մասնակցութիւնը բերին ընկերները, համակիրները եւ բարեկամները՝ ընդհանուր գումարը բարձրացնելով   29,210 տոլարի: