Մարտ 26-ին, յունահայոց թեմակալ առաջնորդ սրբազան հօր բարեհաճ թոյլտուութեամբ, Աթէնքի Ս. Գ. Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Եթովպիոյ` Աթէնքի դեսպանատան նախաձեռնութեամբ, հոգեհանգստեան մասնաւոր արարողութիւն կատարուեցաւ ի յիշատակ Եթովպիոյ կայսրուհի Մենենի, անոր մահուան քառասունքին առիթով: Հոգեհանգստեան արարողութիւնը կատարուեցաւ

եթովպիական ծիսակատարութեամբ եւ լեզուով` Աթէնքի աստուածաբանական վարժարանը ուսանող եթովպիացի կրօնաւորներուն կողմէ: Ներկայ էին` Եթովպիոյ գործակատարը, դեսպանատան պաշտօնեաները  եւ Աթէնք բնակող եթովպիացիները:

- Ամերիկահայ 37-ամեայ փաստաբան Էտուըրտ Նազար Գոսթիկեան նախագահ ընտրուեցաւ ամերիկեան Դեմոկրատ կուսակցութեան Նիւ Եորքի ութերորդ շրջանի։ Նիւ Եորքի կուսակալ Վակնէր թեւ թիկունք հանդիսացաւ ընտրութեանը Նազար Գոսթիկեանի, որ այսպէսով 1961ի Սեպտեմբերին պաշտօնէ հեռացուած Քարմին տի Սաբիոյի տեղը կը գրաւէ։ Ընտրութիւնը  Ասթոռ Հոթէլի մէջ դռնփակ նիստով անցաւ։ Նազար Գոսթիկեան անուանական նախագահը պիտի ըլլայ Մենհէթընի շրջանի կուսակցութեան կազմակերպութեան։  Ան ծնած է 1924ին Նիւ Ճըրզիի Ուիքհոքն քաղաքին մէջ։ Հայրը հայկական գորգերու առաջնակարգ վաճառական մըն է։ Մայրը Գոլոմպիա համալսարանի դասախօս էր։ Պրն. Նազար Գոսթիկեան 1949¬ին Գոլոմպիա համալսարանի իրաւագիտական բաժնէն վկայական ստացաւ։ 1950-ին ամուսնացաւ Ֆրէնսիս Հոլմկրինի հետ։ Ունին մանչ զաւակ մը։ Բ. Աշխարհամարտին մասնակցեցաւ Խաղաղականի պատերազմներուն եւ Օքինավայի ճակատամարտերուն։ Քորէայի մէջ ալ շրջանային զինուորական կառավարիչ եղաւ տեղակալի աստիճանով։ Նազար Գոսթիկեան Գոլոմպիայի համալսարանը առաջնութեամբ աւարտելէ յետոյ նահանգային դատաւոր Հարոլտ Մետինայի կողմէ դատական քարտուղար անուանուեցաւ։