Հայկազեան քոլեճին վերջին դասախօսն էր Հրաչ Տասնապետեան, Ն. Փալանճեան Ճեմարանի եւ Անթիլիասի դպրեվանքին ուսուցիչներէն:

Նիւթ ընտրած էր «Հայ ճարտարապետութիւնը» նիւթը: Հրաչ Տասնապետեան յանձն առաւ մէկ դասախօսութեամբ տալ ընդհանուր պատկերը հայ ճարտարապետութեան, որ մեր մտքի ու ստեղծագործութեան արտայայտիչներէն մին է: Դասախօսը նախ խօսեցաւ մեր ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրողներու մասին, որոնցմէ կարելի չէ մոռնալ անունը Թորոս Թորամանեանի: Ապա անցնելով բուն նիւթին` ըսաւ, թէ մեր ճարտարապետութիւնը կանգնած է ուրարտականին պատուանդանին վրայ: Մեր երկիրը փոխանցած է սումերական ճարտարապետութիւնը Եւրոպայի: Գտնուելով  Հռոմի եւ Իրանի միջեւ` մեր ճարտարապետութիւնը կրած է այս երկու կայսրութեանց ճարտարապետութեանց ազդեցութիւնը: Սակայն մենք ինչ որ առած ենք օտարներէն, վերամշակած ու ազգային դրոշմ մը, տուած ենք անոր` հասցնելով զայն կատարելագործութեան: Ե. դարուն իսկ արդէն ունեցած ենք հասուն ոճ մը: Մեր ճարտարապետութեան ազդեցութիւնը հասած է մինչեւ հեռաւոր Իրլանտա եւ Սկանտինաւեան երկիրներ: «Միութիւնը այլազանութեան մէջ», ճաշակի, աչքի եւ ոգիի գոհունակութիւն կը պարգեւէ մարդուս: Մեր վարպետները կրցած են հասնիլ բարձր կատարելագործութեան եւ այդ գոհունակութիւններէն չեն զրկած մեզ: Այլազանութիւնը ճոխ է մեր ճարտարապետութեան մէջ, եւ համաչափութիւնը անպակաս է, ինչ որ բացակայ է եւրոպական միջնադարեան կոթողներէն: Հայաստանի խիստ  կլիմային արդիւնքն են` հաստ պատեր, նեղ դռներ, նեղ լուսամուտեր, շքամուտքեր, զարդաքանդակներ, եւ այլն:  Յարգելի դասախօսը եզրակացուց` ըսելով. «Եթէ Հայաստան չէ նկատուած միակ տարածիչը քրիստոնէական ճարտարապետութեան, բայց գոնէ օճախ մըն է սոյն ճարտարապետութեան»: