Վերջին լուրերու համաձայն, կարելի եղած է կանխել Թուրքիոյ կառավարական տագնապը։ Եղածը պարզապէս կարկտան մըն է եւ ոչ արմատական դարման քաղաքական եւ տնտեսական այն անել կացութեան, որուն մատնուած է Թուրքիան։
Ինէօնիւի կառավարութեան մասնակցող Ատալէթ կուսակցութիւնը համաձայնած է քուէարկել Փետրուար 22-ի ապստամբութեան մասնակցած թուրք երիտասարդ սպաներու ներման օրինագիծը։ Փոխարէն խոստում ստացած է ներման արժանացնել Եասը Ատայի զինուորական ատեանին կողմէ դատապարտուած ծեր, հիւանդ եւ կին բանտարկեալները։ Թուրքիան կրծող բուն վէրքին դարմանը ասիկա չէ սակայն։ Արեւմտեան զինակիցները աւելի մտահոգուած են երկրին տնտեսական քան թէ քա- ղաքական տագնապով։ Քաղաքական դիտողներու համաձայն, տնտեսական վէրքին դարմանումէն յետոյ, քաղաքական տագնապը ինքնաբերաբար կրնայ լուծուիլ։ Իսկ այդ վէրքը դարմանելու համար, Թուրքիա անհրաժեշտ կարիքն ունի մէկուկէս միլիառ տոլարի արտաքին օժանդակութեան, հնգամեայ տնտեսական վերականգնումի ծրագիր մը իրագործելու համար։ Վարչապետ Ինէօնիւ ամէն ճիգ կը թափէ խորհրդարա- նական կարգերը պահելու եւ բանակին միջամտութիւնը արգիլելու համար քաղաքական կեանքին մէջ։ Անգլիական «Տէյլի Թելեկրաֆ» թերթի Անգարային թղթակցին հետ ունեցած տեսակցութեան ընթացքին, Ինէօնիւ ըսած է ի միջի այլոց թէ՝ խորհրդարանական կարգերը տապալելու պարագային, Թուրքիա պիտի իյնայ կամ ծայրայեղ աջ կամ ծայրայեղ ձախ բռնապետական վարչակարգի մը տակ։ Թուրքիոյ սպառնացող չարիքին արմատը կը կազմէ տնտեսական քաոսային կացութիւնը։ Եթէ թրքական ներկայ դահլիճին մասնակցող կուսակցութիւնները անտեսեն հատուածական հաշիւները եւ արեւմտեան զինակիցներու օժանդակութեամբ աշխատին աստիճանաբար երկիրը դուրս բերել տնտեսական քաոսէն, հաւանաբար կարենան առաջքը առնլ նոր ծայրայեղութիւններու եւ անախորժութիւններու։