Մանրավէպ մը՝ Կոմիտաս վարդապետի կեանքէն.- Էջմիածնի մէջ, Ընծայարանի տարեվերջի քննութեանց ժամանակ, քննիչներուն առջեւ է ուսանող մը, զոր շատ կը սիրէր Կոմիտաս՝ երգի եւ ձայնագրութեան մէջ ցոյց տուած ընդունակութեան եւ բնատուր շնորհքներուն համար:
Քննութեան նիւթը՝ ազգ. պատմութիւն, որուն մէջ շատ տկար էր ուսանողը: Կոմիտաս վարդապետ ներկայ է քննութեան: Քննիչը կը հարցնէ, թէ ո՞վ է շինած Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցին, հին պատմական յիշատակարան մը, որ կը համարուի Կոմիտաս կաթողիկոսին ձեռակերտը: Ուսանողը չի գիտեր: Հարցումը կը կրկնուի. - Ո՞վ է շինած Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցին ու վանքը: Պապանձումն Զաքարիայի: Կոմիտաս վարդապետ կ՛ուտէ ինքզինք: Շատ կը փափաքի, որ յաջողի իր սիրելի աշակերտը: Քննիչին ետեւը կանգնած՝ շրթները կը բանայ կը գոցէ, բան մը կ՛ըսէ: Աշակերտը կը նայի, բայց չի հասկնար: Կոմիտաս վարդապետ ձեռքը սիրտին վրայ կը դնէ քանի մը անգամ ու կը շարժէ շրթները: Աշակերտը տխրօրէն կը նայի ուսուցիչին շարժումներուն եւ յանկարծ կը գոչէ յաղթական: - Ս. Հռիփսիմեանց վանքը շինողն է Կոմիտաս վարդապետը:
Երուանդ Օտեան թերթ մը կը հրատարակէր Գահիրէի մէջ, սահմանադրութենէն առաջ, «Ազատ Բեմ», ուր լոյս տեսած են հետեւեալ բառախաղերը. Պոլսոյ մտաւորականները գրական սալոններ կը կազմակերպէին ժամանակին՝ զուարճանալու համար բառերու խաղերով, երբ ուրիշներ լծուած էին գաղափարներու պայքարի: Սալոնական այդ սովորութիւնները ժամանակ մըն ալ փոխադրուեցան Գահիրէ: Այդ կարգի զբօսանքներէ կը մնան հետեւեալ բառախաղերը, զուարթ եւ սրամիտ, որոնք կը պատկանին մռայլ եւ անժպիտ Թէքէեանին: - Ի՞նչ է բնաբանդ: Գնա բանդ… - Ի՞նչ է հոգեկան վիճակդ: Անտարբեր ամէն բանի համար, բացի խաժ աչուըներուդ մէկ նայուածքէն,- ան՝ տարբեր: - Ո՞րն է տկար կողմդ: Ֆիզիքապէս՝ գլուխս եւ կուրծքս, յաճախ ենթակայ՝ հարբուխի: Բարոյապէս՝ դարձեալ գլուխս եւ կուրծքս, աւաղ… - Ի՞նչ կը մտածես կնոջ վրայ: Գետնին տակը անցնի… ինծի հետ, կահա- ւորուած նկուղի մը մէջ, մանաւանդ ամառը: