- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Էմիկ Աւագեան, 39 տարեկան, որ ուղեղային անդամալուծութեան ենթարկուած էր, դարձած է ելեկտրագիտութեան փայլուն գիւտարար եւ ճարտարագէտ մը, ու յայտարարուած՝ 1961-ի Հաշմանդամ Ամերիկացին։
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Կիրակի 13 Մայիսին Ֆիքսի մէջ Հ. Կ. Խաչի Ֆիքսի մասնաճիւղը «Մայրերու Օր»ը տօնեց Կաթողիկէ հայոց հաստատութեան սրահին մէջ։ Ներկայ էին Շրջ. վարչութեան անդամները, քոյր մասնաճիւղերու վարչութիւնները եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ։
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
50 Շիքակոյէն կը հաղորդեն թէ՝ Ապրիլի մէջ խանդավառ մթնոլորտի մէջ, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան շարքերուն միացած են 17 երիտասարդներ, մասնաւոր հանդիսութեան մը ընթացքին։ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Շիքակոյի վարչութիւնը, անկախաբար բարոյական այս յաջողութենէն, ապահոված է նիւթական կարեւոր գումար մը։
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Ֆրանսացի մեծանուն գրող Վիքթոր Հիւկօ ծանօթ էր եւ հետաքրքրական նամակագրութեան մէջ կը գտնուէր հայ մտաւորականութեան ներկայացուցիչներէն շատերու հետ։
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Ս. Զատիկի տօնական օրերու առիթով այս տարի եւս տեղի ունեցաւ այլեւս աւանդական դարձած Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի պասքէթի խումբերու միջմասնաճիւղային մրցաշարքը, որ մարզականէն աւելի, ազգային կարեւոր ձեռնարկի մը բնոյթը ստացած է զոյգ շրջաններու երիտասարդութեան մէջ իր ստեղծած խանդավառութեամբ։