Վերջին օրերուն, միջազգային քաղաքական շրջանակներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Աթէնքի վրայ, ուր պիտի գումարուի Հիւսիսային Ատլանտեան Ուխտի (ՆԱԹՕ) 15 երկիրներու արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներու խորհրդաժողովը։
Զափիոնի շէնքին ընդարձակ սրահը պիտի տրամադրուի իբր ժողովատեղի։ Խորհրդաժողովը պիտի սկսի Մայիս 3-ին եւ պիտի տեւէ մինչեւ Մայիս 6։ Զորեքշաբթի Աթէնք կը սպասուին՝ Մ. Նահանգներու եւ զինակից միւս երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները։ Օրակարգի գլխաւոր կէտերէն մէկն է ՆԱԹՕն կորիզային ուժ դարձնելու հարցը։ Ասոր կողքին պիտի քննուին նաեւ միջազգային լուրջ կարեւորութիւն ներկայացնող խնդիրները, ինչպէս՝ Պերլինի, Գերմանիոյ, զինաթափութեան, Եւրոպայի Միացեալ Շուկայի եւ այլ հարցեր։ Սոյն խորհրդաժողովը աւելի կարեւորութիւն կը ստանայ այս օրերեուն, երբ զինաթափութեան շուրջ Ժընեւի ապարդիւն բանակցութիւններէն հիասթափ՝ Միացեալ Նահանգները վերսկսան մթնոլորտին մէջ կորիզային ռումբերու փորձերուն։ Արեւելեան խմբակցութեան երկիրները մասնաւորաբար մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւին խորհրդաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն։ Սոֆիայի ձայնասփիւռը «պատերազմի հրձիգներու» այս խորհրդաժողովին առթիւ կþըսէ թէ՝ միաժամանակ ՆԱԹՕի ուժերը ծովային եւ ցամաքային ռազմափորձեր պիտի կատարեն Եգէականի շրջանին մէջ։ Կարելի չէ ըսել թէ՝ որքա՛ն ճիշդ է Երկաթեայ վարագոյրի ետեւէն ձայնասփռուած այս լուրը։ Մէկ բան միայն ճիշդ է, որ Յունաստանի համայնավար վարչաձեւի տակ ինկած պալքանեան դրացիները անհանգստութեան նշաններ ցոյց կուտան, ՆԱԹՕի խորհրդաժողովին Աթէնքի մէջ գումարումը նկատելով հելլենական դիրքին ու վարկին ամրացումը եւ բարձրացումը՝ Ատլանտեան Ուխտի զինակցութեան մէջ։