Մոսկուայի Գերագոյն խորհուրդը իր վերջին նիստին մէջ, ընտրեց 97 հոգիէ բաղկացած յանձնախումբը մը, որ 1936-ի Սթալինեան սահմանադրութեան տեղ նոր մը պիտի մշակէ։
Յանձնախումբը պիտի գլխաւորէ վարչապետ Խրուշչէվ։ Յանձնախումբին մէջ կը գտնուին զանազան դասակարգերու ներկայացուցիչներ եւ համայնավար կուսակցութեան նախագահական կազմի բոլո՛ր անդամները։ Յանձնախումբին մաս կը կազմէ նաեւ Խրուշչէվի փեսան՝ «Իզվեսթիա»ի խմբագրապետ Աճուպէյ։ Խրուշչէվ սահմանադրութեան հարցին մասին խօսելով շեշտեց թէ՝ 1936-ի սահմանադրութիւնը չի համապատասխաներ ներկայ կացութեան, երբ Սով. միութիւնը համայնավարութեան կառուցման շրջանը կը թեւակոխէ։ Ըսաւ թէ՝ նոր սահմանադրութիւնը պէտք է «ժողովրդական պետութեան» սահմանադրութիւն ըլլայ։ Սակայն աւելցուց թէ՝ դեռ կանխաժամ է ըսելու համար թէ ի՛նչ ձեւ պիտի ստանայ ան։ Միայն ըսաւ թէ՝ պէտք է լենինեան վարդապետութեան վրայ հիմնուի։ Խրուշչէվ ապա վերլուծեց կուսակցութեան նոր ծրագիրը, որ վաւերացուեցաւ անցեալ Հոկտեմբերին, 22-րդ հմագումարին կողմէ։ Խրուշչէվի խօսքէն վերջ, Գերագոյն խորհուրդը վերջացուց իր աշխատանքները։ Գեր. խորհուրդի նիստէն վերջ, նիստ գումարեց Խորհուրդի խոր- հըրդարանական խմբակը՝ կուսակցութեան Կեդր. Կոմիտէի անդամ Օթթօ Քուիզինէնի նախագահութեան տակ։ Երեսփոխան Վոլքով տեղեկագիր մը կարդաց օտար Խորհրդարաններու հետ սովիէթական խորհրդարանի յարաբերութեանց շուրջ։ Ապա տեղի ունեցաւ քուէարկութիւն՝ նոր դիւանի 35 անդամներու ընտրութեան համար։ Նախագահ ընտրուեցաւ՝ Գերագոյն Խորհուրդի միութեան խորհուրդի նախագահ Սփիրիտոնով եւ փոխ-նախագահ՝ Մանկավարժական Գիտութեանց Ակադեմիայի նախագահ Գայրով։ Սփիրիտոնով Խրուշչէվի ամէնէն սերտ գործակիցներէն է եւ կþըսուի թէ անոր խորհուրդով է որ Սթալինի մարմինը հանուեցաւ Լենինի յուշադամբանէն։