Ակադեմական Վ. Համբարձումեանի նախագահութեամբ վերջերս տեղի ունեցած է յոբելենական երեկոյթ մը՝ ակադեմական Յովսէփ Օրբելիի ծննդեան 75-ամեակին առթիւ։ Վ. Համբարձումեան իր բացման խօսքին մէջ դրուատեած է յոբելեարին բազմամեայ փայլուն գործունէութիւնը

արեւելագիտութեան եւ մասնաւորապէս, հայագիտութեան բնագաւառներուն մէջ։ «Ըլլալով Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիային հիմնադիրը եւ անոր առաջին նախագահը, Յովսէփ Օրբելի օգտակար աշխատանք կատարած է հայ ազգային գիտական քատրեր պատրաստելու եւ դաստիարակելու գործին մէջ», յայտարարած է ի միջի այլոց հայ մեծ աստղագէտը։ Այնուհետեւ խօսք առած եւ յոբելեարին կեանքը եւ գործը ներկայացուցած են Հայաստանի գիտութիւններու Ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառի տնօրէնը՝ փրոֆ. Բ. Առաքելեան եւ պատմաբաններ Ս. Եփրեմեան, Ա. Ղանալանեան եւ Բ. Ակոբով։ Յոբելենական երեկոյթի կողքին բացուած է նաեւ ցուցահանդէս մը, ուր յատուկ բաժիններով ներկայացուած են վաստակաւոր յոբելեարին աշխատանքները։ Բաժին մը ցոյց տուած է Յ. Օրբելիի հաւաքած նիւթերուն հիման վրայ կազմուած Անիի թանգարանը։ Նոյնպէս նաեւ Վանի միջնաբերդին մէջ կատարած ուսումնասիրութիւններուն նուիրած աշխատութիւնները, Օրբելիի հայագիտական երկու կարեւոր գործերը՝ «Միջնադարեան Հայաստանի առակները», ուր զետեղուած են միջնադարու առակագիրներ Մխիթար Գօշի եւ Վարդան Այգեկցիի վերագրուած շուրջ 150 առակներ՝ թարգմանուած իր կողմէ։ գիրքը ունի անհրաժեշտ ծանօթութիւններ եւ ամփոփ յառաջաբան մը։ Միւս աշխատութիւնը՝ «Հայկական հերոսական էպոս»ն է՝ հայերէն եւ ռուսերէն լեզուներով։ Ցուցադրուած են իր միւս գործերն ալ՝ «Սասունցի Դաւիթ»ի ռուսերէն օրինակը, «Յաղագս հարցման եւ լուծման երիցս երանեալ Անանիայի վարդապետի Շիրակացոոյ», «Անիի աւերակները», եւայլն։ Օրբելիի խմբագրութեամբ լոյս տեսած են նաեւ կարեւոր հաւաքածոներ, թերթեր, ամսագիրներ, իր կողմէ գրուած զանազան հայագիտական յօդուածներով։