«Հայրենիք»-ի 8 Ապրիլի թիւին մէջ կը կարդանք.- Վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին, 30-է աւելի նոր ընկերներ, մեծամասնութեամբ երիտասարդներ, եկած են միանալու ՀՅԴ Հիւսիսային Ամերիկայի կազմակերպական շարքերուն:

ՀՅԴ Ինտիըն Օրչըրտի կոմիտէին միացած են՝ Սարգիս Ղարիպեան, Տիգրան Ղարիպեան, Գուրգէն Մելիքեան եւ Յարութիւն Սեթեան: ՀՅԴ Մայամիի կոմիտէի միացան Փետրուարի մէջ, Յովսէփ Փափազեան եւ Մարգարիտ-Անթառամ Փափազեան: Երկու օր առաջ ՀՅԴ Հարթֆըրտի կոմիտէին միացան Յովհ. Տ. Յովհաննիսեանի եւ կնքահայրութեամբ իրենց երդումը կատարեցին նորագիր եօթը երիտասարդներ՝ Ալիս Սարգիսեան, Կլորիա Սայաթ, Սարգիս Բաբելեան, Ուիլիըմ Պուրնազեան, Վազգէն Պանտազեան, Անդրանիկ Վարժապետեան եւ Լալէզար՝ Սրապեան-Վարժապետեան: ՀՅԴ Քէյմպրիճի կոմիտէին միացան՝ Խաչատուր Պէրպէրեան եւ Վահան Աբաղեան:

Ապրիլ 1-ին, կիրակի առաւօտեան, Խորէն արք. Բարոյեան այցելութիւն տուաւ Սայտայի հայ գաղութին: Սայտայի Ս. Յակոբ եկեղեցիին մէջ քահանայ հայրը Ս. պատարագ մատուցեց, ապա, յաւարտ Ս. պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Ծերոն Կիզիրեանի մահուան քառասունքին առիթով: Ներկայ էին գաղութին ամբողջ հայութիւնը, ինչպէս նաեւ պէյրութաբնակ հիւրեր՝ յարգելու համար հանգուցեալին յիշատակը: Սրբազան հօր օրուան քարոզը իր բովանդակութեամբ դարձաւ հայրենի շունչ մը՝ բարեպաշտ ժողովուրդին: Այդ կոչ մըն էր հայութեան, կոչ մը՝ ազգապահպանման. սիրել հայ եկեղեցին, պահել մեր կրօնը, մեր մայրենի լեզուն, լուսաւորել հայ դպրոցը, հայ միտքը, պահպանել եւ պատրաստել ապագայ հայ սերունդը՝ հայ դրոշմով: Այս ուղղութեամբ Սայտայի մէջ եղած աշխատանքները մեծապէս գնահատելի են: Թէեւ ունինք փայտաշէն ու հնամեայ դպրոց եւ մատուռ, բայց անոնցմով իսկ կրցած ենք պահել ազգութիւն, կրցած ենք մեր մանուկներուն սորվեցնել մեր ոսկեղնիկ լեզուն: