- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Կիրակի, 16 Դեկտեմբեր 1962, Ն. Փալանճեան ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի յուշարձաններու բացման շքեղ հանդէսը, արժանավայել կերպով, նախագահութեամբ Կարօ Սասունիի:
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան կեդրոնական խնամակալ վարչութեան նախագահ տոքթ. Ժոզէ տը Փերտիկաօ եւ հիմնարկութեան հայկական բաժնի տնօրէն Ռոպէր Կիւլպէնկեան, իրենց կիներով, քանի մը ազգային վարժարաններու այցելութիւն տալէ ետք, կէսօրին, Անթիլիասի կաթողիկոսարանի դահլիճին մէջ ճաշի հիւրը եղան Զարեհ Ա. կաթողիկոսին:
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Փարնասոսի սրահին մէջ, հայ երգը սիրող երկսեռ խուռն բազմութեան մը ներկայութեան եւ փայլուն յաջողութեամբ տեղի ունեցաւ աթենահայ սիրուած երգչուհի տիկին Ծաղիկ Գազանճեանի հայկական երգահանդէսը։
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Եթովպիոյ հայ գաղութը կազմուիլ սկսած է ասկէ եօթանասուն տարի առաջ։ Ներկայիս կը հաշուէ մօտաւորապէս հազար երկու հարիւր անձ։
- Details
- Category: «Ազատ Օր»ի նիւթերէն՝ 50 տարի առաջ
Ներկայիս Հայաստանի մէջ կը տպագրուի տասը հազար հայ երեւելի մարդոց կենսագրութիւններու բառարանը, որ կ՛ընդգրկէ անձնաւորութիւններ հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը: