Լ. եւ Ս. Յակոբեան նորակառոյց վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, տօնակատարուեցաւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան 72 տարեդարձը, հաւատաւոր եւ հոծ բազմութեան մը ներկայութեան։

Հանդիսասրահը, օրուան յատուկ յարդարանքով մը պճնուած եւ ողողուած ակնախտիղ լոյսերով, խորապէս տպաւորիչ էր։ Սեղաններու շուրջ տեղ գրաւած հանդիսականներ, տրամադրուած էին փառքի եւ վայելքի քանի մը ժամեր անցնելու։ Հանդէսի Կարգադիր յանձնախումբը, փառաւոր այս տօնակատարութեան իսկապէս շէն ու զուարթ բնոյթ մը տալու կանխահոգութեամբ՝ պատրաստած էր ճոխ աղանդերներ։ Հանդէսի նախագահ ընկ. Օ. Զաքարեան, կատարեց բացումը Դաշնակցութեան Փառատօնին, յայտնելով որ իւրաքանչիւր դաշնակցական, արդար հպարտութեամբ եւ խնդութեամբ մը համակուած է, վասն զի կը տօնակատարէ կենդանի եւ մինչեւ այսօր հայ կեանքի մ էջ գործող իր սիրելի կազմակերպութեան տարեդարձը։ Նախագահ ընկերոջ խօսքէն ետք երիտասարդ ընկերներու եւ ընկերուհիներու խմբակ մը երգեց «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» երգը, որուն մասնակցեցաւ ամբողջ սրահը։ Յետոյ, երիտասարդ ընկեր Վահրամ Դանիէլեան արտասանեց «Մեռան՝ Չ' կորան»ը։ Ապա ընկ. նախագահը բեմ հրաւիրեց երիտասարդ ընկ. Պետրոս Պարսամեանը, որ արտասանեց Ահարոնեանի «Նրանց»ը եւ արժանացաւ ծափերու։ Բանախօսը՝ Կարապետ Գալֆայեան անդրադարձաւ Դաշնակցութեան 72ամեայ գործունէութեան։ Յայտագրի վերջին մասով ցուցադրուեցան Դաշնակցութեան հիմնադիրներու, ֆէտայիներու եւ հերոսներու նկարները, որոնց մասին գրութիւններ պատրաստած էր ընկ. Նուպար Աճէրեան։ Հանդէսի պաշտօնական յայտագրի աւարտումէն ետք,  սկսաւ անպաշտօն յայտագրի պահը։ Խմբերգներ, սրախօսութիւններ, մեներգներ, սեղանէ սեղան, խումբէ խումբ, կարծես մրցանակ կար։ Եւ միաժամանակ հաճելի կերուխում՝ շէն այս միջավայրին մէջ։