Եթովպիոյ հայ գաղութը կազմուիլ սկսած է ասկէ եօթանասուն տարի առաջ։ Ներկայիս կը հաշուէ մօտաւորապէս հազար երկու հարիւր անձ։
Հայերը մեծամասնութեամբ հաստատուած են մայրաքաղաք Ատիս-Ապեպայի մէջ, ուր գիշերը ցուրտ կընէ իսկ ցերեկին՝ տանելի տաք։ Գրեթէ ամբողջ տարին գարնան օդ կþընէ։ Ատիս Ապեպայի մէջ հայ հայոց Ս. Գէորգ եկեղեցին, շինուած հայկական ոճով եւ շրջապատուած՝ հսկայ ծառերով ու արեւադարձային գեղեցիկ տունկերով։ Արդէն Ատիս-Ապեպան, որ ծովէն 2400 մեթր բարձրութեան վրայ կը գտնուի, գեղեցիկ պարտէզ մըն է (Ատիս-Ապեպա կը նշանակէ՝ Նոր Ծաղիկ)։ Առաջնորդարանը, որ ամէն յարմարութիւններով օժտուած շէնք մըն է, կը գտնուի Եթովպիոյ կայսր Հայլէ Սելասիէի անունը կրող նշանաւոր պողոտային վրայ։ Առաջնորդարանին կից կը գտնուի Գէորգով ազգային վարժարանը, որ օժտուած է լուսաւոր դասարաններով եւ ընդարձակ խաղավայրերով։ Վարժարանը ունի 170 երկսեռ աշակերտներ։ Եթովպիոյ բոլոր հայրերն ալ գրեթէ բարեկեցիկ են։ Յարանուանական եւ կուսակցական վէճեր չունին։ Գաղութային Ժողովի ատենապետն է պրն. Պերճ Պապայեան։ Եթովպիահայ գաղութին մէջ կան կօշիկի, կաշիի եւ սուրճի մեծահարուստ գործարանատէրեր, որոնց գործարաններուն մէջ հարիւրաւոր գործաւորներ կþաշխատին։
Երեւան քաղաքի Համայնավար կուսակցութեան կոմիտէն վերջերս քննութեան առած է ճաշարաններու եւ սրճարաններու մէջ տիրող վիճակը եւ անոնց սպասարկութիւնները բարելաւելու խնդիրը։ Ժողովականները ցաւով դիտել տուած են թէ Երեւանի ճաշարաններուն կամ սրճարաններուն մէկ կարեւոր մասին մէջ տեւաբար կը պակսին պտուղ եւ բանջարեղէն, ճաշատեսակը չափազանց աղքատ է, իսկ սպասարկութիւնը՝ թերի։ Պատասխանատուներէն շատեր, գործէ հեռացուած են։