Քուէյթի Հայ նորընտիր Ազգային վարչութիւնը ձեռնարկած է նոր գործի՝ գաղութը կազմակերպելու եւ առիթներ ստեղծելու, որպէսզի հայութիւնը խմբուի Ազգային վարժարանին շուրջ (քանի որ եկեղեցի չունինք տակաւին):

Յունուար 6-ին, իր մահկանացուն կնքեց օր.Թէոտորա Ռայնէք, որ իր երկարատեւ կեանքի ընթացքին անկեղծօրէն եւ անձնուիրութեամբ ծառայած է հայ անտէր մանուկներու։

Օր. Արտա Մանտիկեան, որ վերջերս Յունաստան եղած է, Յունուար 21-ին, Թեսաղոնիկէի Պետական Համանուագի տուած երգահանդէսին մէջ երգեց իբր մեներգու, ապրումի եւ զմայլանքի պահեր շնորհելով իր ունկնդիրներուն։

Կիրակի 27 Յունուար, Աթէնքի «Քենտրիքոն» ընդարձակ թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հ. Յ. Դ. Երիտասարդացի «Օր»ուան հանդիսութիւնը, երիտասարդութիւնը խորհրդանշող խանդավառ ու ոգեւոր մթնոլորտի մէջ։

Ամսթերտամէն (Հոլանտայի մայրաքաղաք) կը   գրեն.- Դեկտեմբեր 2-ին Ամսթերտամի «Միներվա» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեր տարեկան ժողովը, ուր ընտրուեցան գաղութի վարչութեան նոր անդամները: