Հայաստանի նուագախումբի գլխաւոր ղեկավարը՝ Օհան Տուրեան, հինգ նուագահանդէսներ տուած է Լայփցիկի եւ Տրեզտենի մէջ:

Հ. Յ. Դ. Երիտասարդացի «Օր»ուան տօնակատարութեան առիթով «Ազատ Օր»ին մէջ լոյս կը տեսնէ հետեւեալ նշմարը, ստորագրուած Կ. Մ.ի կողմէ.-

Հ. Յ. Դ. Երիտ. Միութեան Գոքինիոյ "Աղբիւր Սերոբ" Պատանեկան խումբի ընկերները, վերջերս հրատարակել սկսան «Հայորդիներ» անունով (բազմատիպ) պարբերական մը, կը գրէ Յ. Մեքթուպճեան։

Նոր Տարիի առթիւ, այս տարի ալ Պոլսոյ Պատրիարքարանը մամուլին յանձնած է պաշտօնական տեղեկատուութիւն մը, գլխաւոր գիծերու մէջ ներկայացնելով իր մէկ տարուան գործունէութիւնը։ Ստորեւ կուտանք առաջին հաղորդագրութեան կարեւոր մասերը.-

Աւստրալիոյ Ազգային համալսարանի խորհուրդը որոշած է պատուոյ անդամ ընտրել աստղագէտ Վիքթոր Համբարձումեանը։